Սոչիի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը` Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2648), երէկ ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Հայրենի կրանտմասթըրը, որ մրցեցաւ խրուաթ Անթէ Պրքիչի դէմ (2592), երկու դասական մրցումներուն առաւելութեան հասաւ` 1,5-0,5 արդիւնքով:
Երկրորդ դասական մրցումը 42-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Առաջին դասական մրցումին, Մարտիրոսեան ճերմակ քարերով յաղթեց 48-րդ շարժումին:
Նշենք, որ Գ. հանգրուանի մրցումներուն Մարտիրոսեան ճատրակի բաւական լաւ դաս մը տուաւ Ազրպէյճանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար, միջազգային դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող Շահրեար Մամետեարովին (2770):



