Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ազդանշանը կը տրուի այսօր` չորեքշաբթի 14 յուլիսին, երբ կը կատարուին յայտագիրին վրայ գտնուող երկու մրցումները:
Անոր մասնակցող չորս խումբերը իրարու դէմ պիտի կատարեն երկուքական մրցում` երթուդաձի դրութեամբ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կազմը այսօր պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ պիտի ճակատի Մարժապայի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 19:00-ին:
Իսկ ժամը 21:00-ին, Սատի դաշտին վրայ պիտի կատարուի` Ժամիհաթ Ալամիա-Մուաուատ մրցումը:



