Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ուղիղ կապի ժամանակ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն, նշած է, որ կը պատրաստուի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատմութեան վերաբերեալ վերլուծական յօդուած գրել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Ես արդէն մտածած եմ այդ մասին. պիտի գրեմ վերլուծական յօդուած եւ յոյսով եմ, որ թէ՛ Ռուսիոյ մէջ, թէ՛ ալ Ուքրանիոյ մէջ պիտի կարդացուի: Ես պիտի ներկայացնեմ այս հարցին իմ վերաբերմունքս», ըսած է Փութին եւ աւելցուցած, որ ան ռուս եւ ուքրանացի ժողովուրդները մէկ ամբողջութիւն կը նկատէ:
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպելու պարագային նախ պէտք է հասկնալ, թէ ինչի՛ մասին պէտք է խօսիլ, որովհետեւ երկիրը (Ուքրանիան) յանձնուած է արտաքին վերահսկողութեան եւ խնդիրները լուծուած են Ուաշինկթընի, Պերլինի եւ Փարիզի մէջ:
«Ուքրանիոյ կեանքին վերաբերող հիմնական հարցերը կը լուծուին ոչ թէ Քիեւի, այլ Ուաշինկթընի մէջ, մասամբ ալ Պերլինի եւ Փարիզի մէջ: Եւ ուրեմն ինչի՞ մասին խօսիլ: Բայց եւ այնպէս, ես չեմ հրաժարիր նման հանդիպումներէն, պարզապէս պէտք է հասկնալ ինչի մասին խօսիլ», եզրափակած է Վլատիմիր Փութին:



