Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ պիտի չհանդուրժէ Իրանի մէջ հիւլէական զէնքի գոյութիւնը: Ամերիկացի ղեկավարը Իսրայէլի պաշտօնաթող նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինին այդ մասին հաւաստած է Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը:
Պայտըն շեշտած է. «Այնքան ատեն որ ես կը նայիմ, Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չստանայ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած է, որ ինք նախապէս հրամայած էր օդային հարուածներ հասցնել Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալներու թիրախներուն, որոնք Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ էին:
Ռուսիոյ Տումայի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Եուրի Շվիթքին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու օդային հարուածները իրանամէտ ուժերուն անօրինական են եւ յարձակողական արարք են այդ պետութիւններուն դէմ:
Անցեալ շաբաթ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաւի հանդիպում ունեցած էր Պայտընի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սոլիվընի հետ եւ դէմ արտայայտուած է Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին վերադառնալու Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն:



