Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Պատահեցաւ Անսպասելին. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Փոխադրուեցաւ Դ. Դասակարգ

June 30, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Շաբաթ, 26 յունիս 2021-ը տխուր եւ սեւ օր մը եղաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար` նկատի ունենալով, որ պատահեցաւ անսպասելին, եւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը փոխադրուեցաւ… Դ. դասակարգ:

Այժմ կը գտնուինք կատարուած իրողութեան մը դիմաց, եւ լալը կամ տխրիլը կացութենէն ոչինչ կրնան փոխել:

Յանցանքը այսինչին կամ այնինչին վրայ նետելը, մեղաւորներ փնտռելը պարզապէս կը նկատուին անիմաստ:

Երբ այժմ կուժը կոտրած է, զայն փակցնելը այլեւս անկարելի է:

Տարիներ առաջ, երբ ՀՄԸՄ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, ըսուեցաւ, որ այդ գծով մտահոգուելիք ոչինչ կայ, եւ տարեշրջան մը ետք դարձեալ Ա. դասակարգ կը բարձրանանք:

Երանի ատիկա պատահէր, որովհետեւ դժբախտաբար քանի մը տարի ետք խումբը այս անգամ յայտնուեցաւ Գ. դասակարգին մէջ:

Այս պատճառով կազմէն հեռացան փորձառու եւ անուանի ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլիստներ` նախընտրելով միանալ Ա. կամ Բ. դասակարգերուն մէջ ելոյթ ունեցող խումբերու:

Ասիկա ալ կարելի է սեպել անպատասխանատու որոշում մը այդ ֆութպոլիստներուն կողմէ` նկատի ունենալով,  որ երբ քու սիրելի խումբդ փոխադրուած է Բ. կամ Գ. դասակարգ, փոխանակ անոր կողքին ըլլալու եւ զայն վերստին իր պատուաւոր տեղը բարձրացնելու, կը լքես զայն ու կը հեռանաս անկէ:

Ներկայացուցչական խումբին մէջ տարիներով կուտակուած այդ թերացումները ի վերջոյ հասան իրենց տրամաբանական աւարտին, երբ խումբը պաշտօնապէս փոխադրուեցաւ Դ. դասակարգ:

Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով`  յիշողութեանս մէջ վառ մնացած է, որ երբ խումբը սայթաքումի կամ դժուարութեան մէջ ըլլար, հանդիպում-ժողովներ տեղի կ՛ունենային խումբին անցեալի ֆութպոլիստներուն հետ, որոնք կերտած էին ՀՄԸՄ-ի փառքի օրերը:

Սակայն դժբախտաբար այդպիսի հանդիպումներ տեղի չունեցան, եւ անոնց կարծիքը նկատի չառնուեցաւ:

Կայ նաեւ այլ կարեւոր կէտ մըն ալ, որ միշտ ալ կը մնար խօսքի սահմաններուն մէջ:

Իւրաքանչիւր տարեշրջանի նախօրեակին ՀՄԸՄ իր փորձերուն կը սկսէր անոր ազդանշանին տրուելէն քանի մը շաբաթ առաջ, եւ կը յայտարարուէր, որ խումբը կազմ ու պատրաստ է նոր սկսելիք ախոյեանութեան: Սակայն կը պատահէր հակառակը եւ շուտով ի յայտ կու գար խումբին տկար կէտը` ֆիզիքական պատրաստութեան պակասը:

ՀՄԸՄ-ական փորձառու ֆութպոլի մասնագէտներ բազմաթիւ առիթներով կրկնեցին, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիաներուն ամէն գնով պէտք է ուժ տրուի, որպէսզի նորահաս սերունդը ներկայացուցչական խումբին համար ֆութպոլիստներ պատրաստէ:

Սակայն դժբախտաբար ասիկա ալ չպատահեցաւ, եւ ակադեմիաներուն հոգ չտարուեցաւ:

Խումբին այս հանգրուան հասնելուն պատճառները տարիներու թերացումներուն կուտակումներն են, որոնց ընթացքին յատուկ հոգատարութիւն չցուցաբերուեցաւ անոր նկատմամբ:

Անցեալին, երբ խումբեր Լիբանանի բազմակի ախոյեան ՀՄԸՄ-ի անունը կը լսէին, դողալու կը սկսէին եւ հաշիւներով դաշտ կը ներկայանային անոր դէմ:

Այժմ սակայն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը դժբախտաբար փոխադրուած է Դ. դասակարգ, որուն արժանի չէ անիկա, որ անցեալին ունէր Լիբանանի երրորդ ամէնէն շատ համակիրը:

Յոյսով ենք, որ թերացումները մօտիկ ապագային կը սրբագրուին, եւ խումբը միասնական աշխատանքով դարձեալ կը յաջողի իր ոտքերուն վրայ կենալ եւ ունենալ անցեալի իր փառքի օրերը:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Հաշեմ Հայտար Նոր Նստաշրջանի Մը Համար Վերընտրուեցաւ Նախագահ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.