ԵԽԽՎ-ի իրաւական հարցերով յանձնախումբը որդեգրած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հարցով բանաձեւի պահանջներու կատարողականի զեկուցումը, որուն մէջ կը նշուի, որ քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրը Ազրպէյճանի մէջ «ո՛չ ճանչցուած է, ո՛չ արժանացած է համարժէք արձագանգի, ո՛չ ալ առաւել եւս լուծուած է»: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացած է ԵԽԽՎ-ի կայքէն:
Զեկուցումի հեղինակ` իսլանտացի երեսփոխան Սուննա Էվարստոթթիր նշած է, որ բանաձեւի կէտերուն մեծամասնութիւնը իշխանութիւններուն կողմէ «չեն գործադրուած»:
ԵԽԽՎ-ն յունուար 2020-ի նստաշրջանին որդեգրած էր Ազրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներու հարցով իսլանտացի երեսփոխանին զեկուցումը:
ԵԽԽՎ-ի իրաւական հարցերով յանձնախումբը առանձին յայտարարութեամբ «առանձնակի հիասթափութիւն» յայտնած է վեհաժողովին մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան` իր լիազօրութիւններուն գործադրութեան ընթացքին զեկուցողի հետ համագործակցութեան ձախողման, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի համապատասխան, պարտադիր վճիռները շարունակականօրէն չկատարելու կապակցութեամբ:



