Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներուն բացառիկ արդիւնքները կը շարունակուին:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի երկու մարզիկներ` Արթուր Բազէեան (56 քկ) եւ Համբարձում Յակոբեան (81 քկ) իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Անոնք աւարտականի իրենց ճակատումները պիտի կատարեն այսօր` հինգշաբթի, 24 յունիսին:



