Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախանցեալ օր կրկնեց Խաւիէ Մասքերանոյի հաստատած մրցանիշը, ազգային խումբին հետ կատարած մրցումներուն քանակով:
«Քոփա-Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պարսելոնայի 33 տարեկան ֆութպոլիստը Արժանթինի հետ կատարեց իր 147-րդ մրցումը, Փարակուէյի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (1-0):
Նոյնքան մրցում կատարած Մասքերանօ շնորհաւորեց Մեսսին` անոր ձեռք ձգած այս յաջողութեան համար:



