Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐ¬ԵՂԲԱՅՐ ՎԱՐԴԳԷՍԻ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՄԲ (ՎԱՐԴԳԷՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

February 4, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին հանդիպումին յուզուած ըսիր. «Այս հանդիպումը առյաւէտ բաժնուելու հանդիպում է»: Մենք` երեք տարբեր սերունդներու պատկանող հինգ ընկերներ, քեզի այցելելու եկած էինք հիւանդանոց: Մերժեցինք հաստատումդ` խորքին մէջ նոյն նախազգացումը ունենալով հանդերձ: Վերադարձի ճամբուն ընթացքին լռած էինք, ընկերները չըսին, թէ ի՞նչ կը մտածեն, չուզեցին թերեւս, ժամանակ ալ չունէի հարցնելու, թէ ինչո՞ւ լուռ են:

Ես զբաղած էի քեզմով, մտածումներս հիմնականօրէն քեզի հետ էին, քու միջոցովդ սորվածներս մտքիս մէջ կը տողանցէին ու կը մտածէի, որ երանի կարենայի ծառայել թէկուզ անոնցմէ մէկ մասով: ՀՄԸՄ¬ի շարքերուն մէջ երկար տարիներու ծառայող եղար. իբրեւ ՀՄԸՄ¬ական հոգեկան գոհունակութիւն ունէի, որ միութիւնը պատուած էր քեզ` արժանացնելով բարձրագոյն շքանշանին: «Ազդակ»¬ը հարզազրոյցով մը տեղ տուած էր, քու բառերովդ` ՀՄԸՄ¬ականի փորձառութիւններուդ եւ իրագործումներուդ, որոնց ընդմէջէն աւելի եւս արտացոլաց, որ ներկայացուցչական դէմք էիր ՀՄԸՄ¬ական ընտանիքին մէջ: Վերցուցած պարտաւորութիւններովդ շատեր լաւ կը ճանչնան քեզ` եղբայր Վարդգէս: Բայց դաշնակցական ընկեր Վարդգէսը կը ճանչնանք մենք` Պալաքեանի ընկերներս (ինչպէս միշտ դիտումնաւոր կը շուարէիր «Ազատամարտ» կոմիտէ ըսելու փոխարէն` յիշեցնելով, որ դէմ էիր անուանափոխութեան): Մենք` «Ազատամարտ»-ի ընկերներս, վայելած ենք դաշնակցականի վեհ եւ օրինակելի գիծերդ: ՀՅԴ շարքերու մուտքը փակուած ըլլալուն պատճառով, երկար սպասեցիր, առաջին առիթին մուտք գործելով` կանաչ տարազ ալ հագուեցար: Ես այդ օրերուն պատանի էի, կը դիտէի քեզ, թէ ինչպէ՛ս պահակ ընկերներուն ճաշը ժամուն հասցնելու իրարանցումին մէջ կ՛ըլլայիր` աշխատանքի այդ ոգիդ նաեւ վարակիչ դարձնելով:

Դժուարին օրերուն կոմիտէի անդամ էիր, միեւնոյն ատեն մեզի հետ պահակութեան կարգ ունէիր: Տարիքի տարբերութիւնը չէինք զգար քեզի հետ, համեստ էիր, բայց ինքզինք պարտադրող, դաստիարակ էիր` մեր բառերը գործածելով եւ հատիկ¬հատիկ գաղափարներ փոխանցելով: Կրնայինք հետդ խօսիլ ամէն նիւթի մասին: Արդեօք նոր սերունդը ունի՞ այս կարելիութիւնը այսօր:

Մեր պատանի եղած օրերուն իսկ մեզի ընկեր մակդիրով կը դիմէիր: «Ընկեր»-ի գործածութիւնը լոկ զուգադիպութիւն կամ սովորութիւն չէր քու մօտդ, այլ` գաղափարաբանութեան դրսեւորում, պատկանելիութեան յայտարարութիւն, համեստութիւն, միեւնոյն ժամանակ սահմաններու գիտակցութեան ցուցանիշ: Արդեօք կա՞յ «Ազատամարտ»-էն ընկեր մը, որ կը յիշէ քու կողմէդ լոկ իր անունով կանչուիլը… Անկարելի:

Տակաւին կայ հոգեւոր¬եկեղեցական քու ծառայութիւնդ, որ կատարեցիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետի երկար տարիներու նուիրական աշխատանքովդ: Իբրեւ պարտականութիւն ստանձնած այս պաշտօնին իսկական տէրը եղար, գործեցիր եկեղեցւոյ համար, անոր բարգաւաճման ու յարատեւման համար աշխատանքի լծուեցար բոլոր կարելիութիւններովդ` սիրելին ու հարազատը ըլլալով մեծին ու փոքրին, եկեղեցւոյ երդիքին տակ գործող բոլոր միաւորներուն:

Ընկե՛ր Վարդգէս, այսուհետեւ ո՞վ պիտի ստանձնէ ժողովներէ բանաւոր բացակայութեան սահմանումը` աններող ըլլալով անտեղի պատրուակողներուն նկատմամբ:

Եղբա՛յր Վարդգէս, ՀՄԸՄ¬ի ժողովներուն ո՞վ միութեան նկատմամբ մնայուն գուրգուրանքի եւ հոգածութեան կոչ պիտի ուղղէ:

Մեր սիրելի երէ՛ց ընկեր, շաբաթական դրութեամբ մենք տակաւին պիտի սպասե՞նք, որ հեռաձայնին միւս կողմէն ձայնդ լսենք, պիտի գտնե՞նք մէկը, որ իր հիւանդ վիճակին մէջ իսկ ոչ ոք կը մոռնար եւ հեռաձայնով կը կապուէր բոլորին:

Սիրելի՛ ընկեր Վարդգէս, մահուանդ գուժը առի, երբ երկրէն դուրս էի, չկրցայ «Վէրքերով լի» երգել` քեզ հողին յանձնած ատեն: Այս մտորումներն ու մեր երկխօսութիւնը, զորս մեր վերջին հանդիպումէն ետք ծագեցաւ ու դրսեւորուեցաւ մէջս` ընդունէ իբրեւ ծաղկեպսակ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ պատգամող պիտի մնայ:

«ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»-ԷՆ ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 35 ԵԹՈՎՊԻԱՑԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼԱԾ ԵՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.