Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Խորհրդածութեան Շաբթուան Փակում

June 2, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ երկուշաբթի, 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց մատրան առջեւ տեղի ունեցաւ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ կայացած ժամասացութեան եւ զանազան նիւթերու շուրջ հոգեւոր խորհրդածութեան փակումը:

Այս առիթով սրբազան հայրը կատարեց ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութիւն:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու քրիստոնէական կրօնի համար 301 թուականին Հայաստանի մէջ պատահած առաջին նահատակութեան յիշատակը եւ պատմական ակնարկ մը նետեց հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին, թէ ինչպէ՛ս անոնք Հռոմէն փախչելով` եկան Հայաստան ապահովութիւն գտնելու յոյսով, սակայն անոնց թաքստոցը բացայայտուեցաւ, եւ երբ Հռիփսիմէ մերժեց ամուսնանալ Տրդատ թագաւորի հետ, ան դաժանօրէն սպաննել տուաւ բոլոր կոյսերը եւ անոնց աճիւնները անթաղ ձգելով` ցրուեց ամէնուրեք:

Սրբազան հայրը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հետագային անոնց աճիւնները հաւաքեց, ամփոփեց եւ անոնց վրայ եկեղեցիներ կառուցեց: «Մենք անոնց յիշատակը վառ կը պահենք մեր եկեղեցական կեանքէն ներս` հաւատալով, որ անոնց կենդանի օրինակը նաեւ օրինակն է մեր երկնաւոր ուղեւորութեան», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ սուրբերը ընկերութենէն եկող անձնաւորութիւններ են, որոնք իրենց կեանքի օրինակով, հաւատքի վկայութեամբ եւ նոյնիսկ արեան հեղումով ոչ միայն հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն, այլեւ ամբողջ եկեղեցւոյ յարգանքին ու հիացումին կ՛արժանանան: Այս պատճառով եկեղեցին ոչ միայն անոնց յիշատակը չի մոռնար, այլ անոնց օրինակը մեզի կը յանձնարարէ, որ մենք եւս իրենց նայելով` աստուածամերձ կեանքի ընթացքի մէջ պահենք մեր առօրեան: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ եկեղեցին նաեւ կը հաւատայ, որ եթէ մենք մեր սրտի իղձերը աղօթքով սուրբերու բարեխօսութեան փոխանցենք, իրենք իրենց կարգին Աստուծոյ մօտ մեզի համար բարեխօս կ՛ըլլան, աւելցնելով, որ սուրբերը իրենց կեանքի տեւողութեան սրբութեամբ կը վարուին կեանքին հետ, հետեւաբար սրբութեան կ՛առաջնորդեն իրենց մարմինը:

«Այս պատճառով իրենց նշխարները եւ աճիւնները պաշտամունքի առարկայ են հաւատացեալներուն համար, որոնք այդ նշխարներուն դիմաց աղօթելով` հաւատքի մէջ կը զօրանան», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը` յորդորելով ներկաները յարգելու սուրբերուն յիշատակը, սրբութիւն քաղելու անոնց կեանքի օրինակէն եւ այդպիսով աշխարհի վրայ մղել բարի պատերազմ մը, որպէսզի մենք ալ իրենց օրինակով, կեանքի պայմաններու մէջ չսայթաքինք, այլ մնանք կանգուն, ըլլանք հաւատքի պաշտպանութեան ախոյեաններ եւ արժանանանք Աստուծոյ շնորհքին ու ողորմածութեան:

«Քրիստոնեային հիմնական պարտականութիւնը աշխարհին վրայ հաւատքի պատերազմ մղել է, այլ խօսքով` ըլլալ հաւատքի մարդ, կեանքին վրայ հաւատքի կեցուածք ցուցաբերել, Աստուծոյ հետ հաւատքով յարաբերիլ եւ հաւատալ, որ Աստուած իր կողքին է եւ զինք պիտի տանի այս երկրաւոր կեանքի պայմաններէն անդին` մինչեւ յաւիտենական կեանք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.