Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

February 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 1 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հոգեւոր եւ հոգեկան խաղաղութիւն» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ողջունեց ներկաները 2012- տարուան դասախօսական շարքին առաջին դասախօսութեան: Ներկայացնելէ ետք այս դասախօսութեան շարքի տարբեր նիւթերը` ան ներկայացուց օրուան դասախօսը` դասախօսութեան նիւթը:

Վարդապետը իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպողներուն եւ սկսաւ սահմանելով երկու խաղաղութիւնները` հոգեկան եւ հոգեւոր խաղաղութիւնը: Խաղաղութիւնը կռիւի, պատերազմի կամ վէճի, հակասութեան կամ հակառակորդ երկու կողմերու միջեւ տագնապի բացակայութիւնն է: Ան բացատրեց, որ խաղաղութիւնը վիճակ մըն է, որուն մէջ մարդը կ՛ապրի թէ՛ իբրեւ անհատ, թէ՛ իբրեւ հասարակութիւն:

Հայր Վարդան շեշտեց, որ հոգեկանով խաղաղ եւ հոգեւորով խաղաղ անհատներն են, որոնք պիտի կազմեն խաղաղ հասարակութիւններ, խաղաղ ընկերութիւն եւ խաղաղ եկեղեցի: Բացատրելով հոգեկան խաղաղութիւնը` ան ըսաւ, թէ անիկա մարդու հոգեկանին մէջ հակասութիւններու բացակայութիւնն է, բաժանումներու չգոյութիւնն է: Իսկ հոգեւոր խաղաղութիւնը աւելի բարդ կը թուի ըլլալ, որովհետեւ հոգեւոր մարդը, բարիին եւ չարին միջեւ պայքարող մարդն ըլլալով հանդերձ, կանչուած է խաղաղ ըլլալու, եւ այս խաղաղութիւնը ձեռք կը ձգէ միայն Աստուծոյ մօտ ըլլալով: Հոգեւոր ըսելով կը հասկնանք այն քրիստոնեան, որ մկրտուած է, որուն մէջ Աստուծոյ հոգին կը բնակի:

Յաջորդ բաժինով հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մանրամասնօրէն ներկայացուց հոգեւոր խաղաղութիւն հասկացողութիւնը: Ան հաստատեց, որ հոգեւոր խաղաղութիւնը կու գայ հաւատքի հասունութենէն եւ այդ հաւատքը կեանքի վերածելու կարողութենէն: Հոգեւոր խաղաղութիւնը ապրողը երանելի է, լուսաւորուած է աստուածային լոյսով: Ուստի հոգիի խաղաղութիւնը վիճակ մըն է, զոր ձեռք կը ձգենք հանգրուանային կերպով:

Խաղաղութիւնը միջինարեւելեան մշակոյթներուն մօտ բարեւելու լաւագոյն ձեւն է: Հայր Վարդան խաղաղութիւն հասկացողութիւնը բացատրեց ներկայացնելով տարբեր մէջբերումներ` Հին ու Նոր կտակարաններէն:

Հայր Վարդան խօսեցաւ նաեւ հոգեկան խաղաղութեան մասին: Հոգեկան խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ մտքին մէջ է, եւ մարդուն միտքն է, որ հոգեկան խաղաղութեան եւ երջանկութեան աղբիւրն է: Առողջ եւ խաղաղ միտքն է, որ մարդը կ՛առաջնորդէ կեանքի: Մինչ հոգեւոր խաղաղութիւնը մարդը կը դարձնէ երանելի, հոգեկան խաղաղութիւնը մարդը կ՛ընէ երջանիկ: Մարմինն ու հոգեկանը որքան մտքին հետ ներդաշնակ են, այնքան աւելի մարդը խաղաղ ու երջանիկ կ՛ըլլայ նոյնիսկ դժուարութիւններու մէջ:

Այն անձը, որ հոգեկան խաղաղութեան կ՛ուզէ հասնիլ, պէտք է մեկնի ու իր ետին ձգէ ամէն տեսակի կախուածութիւն (հոգեկան ըլլայ ան թէ նիւթական): Երբ մարդը կ՛անջատուի իր ունեցածէն եւ իր «ես»-էն, խաղաղ կ՛ապրի: Հոս է երջանկութիւնը: Երանութեան վիճակին սկիզբը: Երանելի է այն մարդը, որ կապուած չէ իր ունեցածին: Երանելի է այն մարդը, որ իր ունեցածը լքել գիտէ: Ու անցնիլ աւելի էականին, աւելի վսեմին, աւելի բարձրին:

Դասախօսութեան աւարտին հայր Վարդան ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց տալով բացատրութիւններ ու զանազան օրինակներ

Նախորդը

«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԶԱՐԹՕՆՔԸ». ՀԱՅ ԴԱՏԸ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ ԻՐ ՃԻՇԴ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` «ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.