Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը Պայտընի Կառավարման Օրով Առաջին Անգամ Ըլլալով Այցելած Է Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելք

May 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը Ճօ Պայտընի` երկրի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր շրջանային առաջին այցելութեան ընթացքին մեկնած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ ուղեւորութիւնը կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատար Ճոուի Հուտը` արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ եւ Սուրիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնակատար Էհմի Քութրոնայի եւ Սուրիոյ հարցերով բանագնաց Տէյվիտ Պրաունշթայնի ուղեկցութեամբ:

Այցելութեան մասնակից եղած է նաեւ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցերով տնօրէն Զեհրա Պելը:

Այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ տեղի ունեցած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդի անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի ուժերու, տեղւոյն ցեղախումբերու ղեկավարներու եւ շրջանին մէջ գործող մարդասիրական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:

Այցելութիւնը տեղի ունեցած է իրաքեան Էրպիլի մէջ քիւրտ ղեկավարներու հետ հանդիպումէն ետք:

Պայտընի վարչակազմը Սուրիոյ վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու մանրամասն ռազմավարութիւն չէ հրապարակած, որովհետեւ անիկա հաստատուած է յունուարին: Սակայն, հակառակ այն պնդումին, թէ Միացեալ Նահանգներ կը խուսափին Միջին Արեւելքին առաջնահերթութիւն տալէ, որովհետեւ աւելի կարեւոր խնդիրներ կան, ինչպիսիք են Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները, Ճոուի Հուտ յստակացուցած է, որ Սուրիոյ տասնամեայ տագնապին քաղաքական լուծում փնտռելու եւ շրջանին մէջ մարդասիրական օգնութիւնը պահպանելու հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու հետաքրքրութիւնը նոյնն է:

Իբրեւ նախագահական թեկնածու` Պայտըն դէմ էր Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը հեռացնելու քաղաքականութեան: Անոր վարչակազմը, ներառեալ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, հիմնականին մէջ հանդէս կու գայ Միացեալ Նահանգներու` Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ սուրիական քրտական ուժերուն շարունակական աջակցութեան օգտին:

Նախորդը

Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Սպաննած Է Սուրիոյ Մէջ ՔԱԿ-ի Ղեկավարներէն Մէկը

Յաջորդը

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.