Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ՞ Է…

February 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախապէս արծարծուած նիւթ մը կրկին անգամ կու գայ մեզի մտածել տալու:

Յաճախ կը լսենք, երիտասարդներ կը դժգոհին, թէ սուրբ պատարագը գրաբար լեզուով է եւ այդ է երիտասարդութեան բացակայութեան հիմնական պատճառը եկեղեցիէն:

Հետաքրքրական երեւոյթ մը կու գայ հարցականի տակ դնելու այս դժգոհութիւնը: Շրջան մը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, գրեթէ ամէն կիրակի կը հանդիպէի սրիլանքացի կնոջ մը, որ առտուան ժամը 8:00-էն սկսեալ ներկայ կը գտնուէր եկեղեցական արարողութեան` առաջին ժամերգութենէն մինչեւ սուրբ պատարագին աւարտը: Այս օտարական կինը, եթէ նոյնիսկ սորված էր հայերէնը, կը հասկնա՞ր գրաբարը: Կը կասկածիմ: Բայց ինչպէ՞ս ան երկիւղածութեամբ կը հետեւէր գրաբար աղօթքներուն եւ շարականներուն: Համեստ կարծիքովս, շարականներն ու առհասարակ ծէսը բաւ են հաւատացեալին համար, որպէսզի ան երկնային վերացականութիւնը ապրի: Եւ այս կինը կ՛ապրէր այդ վերացականութիւնը:

Անկախ այս գեղեցիկ երեւոյթէն` մեր հին սերունդը, մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, մեր հայրերն ու մայրերը ինչո՞ւ չէին բացակայեր եկեղեցիէն եւ ամէն կիրակի եկեղեցի կը վազէին շարականները ըմբոշխնելու համար: Վստահաբար իրենք եւս չէին հասկնար, սակայն անոնք սուրբ պատարագի խորհուրդին հետ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ էին: Աւելի հեռու չերթալու համար` անցնող ամառ, երբ Հալէպ կը գտնուէի, հանդիպեցայ երիտասարդներու, որոնք իրենց մատղաշ ձայնով կ՛ընկերանային սուրբ պատարագի երգեցողութեան: Այս մէկը մեզ կը համոզէ, թէ ծնողքին անձնական օրինակը եւ դաստիարակութիւնը ո՛չ միայն մեծ դեր ունին, այլեւ հիմնական կէտն են մեր կեանքին մէջ:

Այս բոլոր երեւոյթները միայն երիտասարդներուն ուշադրութեան պէտք չէ յանձնուին, այլ հիմնականօրէն` ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: Մենք մեր թերութեան պատճառով ետքայլ կը կատարենք: Եթէ դպրոցներու, հաստատութիւններու եւ ակումբներու մէջ քրիստոնէութեան թափ մը տանք, այն ժամանակ լաւ երիտասարդներ կ՛ունենանք մեր ձեռքերուն տակ: Արդեօք մոռացուա՞ծ է, որ քրիստոնէութիւնը մարդուն բարոյականը պահող դաստիարակն է, մինչդեռ այսօր երիտասարդութեան միտքին մէջ քրիստոնէութիւնը ըմբռնուած է իբրեւ ազատութիւնը կաշկանդող կրօն: Աչք մը նետենք մեր գաղութին մէջ, ուր դժուարութիւնները բազմաթիւ են եւ բարոյական անկումները` շատ (ծածուկ թէ յայտնի):

Բնականաբար եկեղեցին իր մեծ աշխատանքները ունի տանելիք այս ուղղութեամբ եւ կը տանի, սակայն ի՞նչ կ՛արժեն դասախօսական կամ երիտասարդական հաւաքները, որոնք յիսուն-վաթսուն թիւը չեն անցնիր: Իսկ եթէ ուշադրութիւն ընենք, ընդհանրապէս այդ թիւը կը կազմեն եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները: Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ եկեղեցւոյ աշխատանքին դիմաց երիտասարդութեան գործակցութեան ձեռքը չի տեսնուիր: Հակառակ համացանցային եւ արհեստագիտական աշխատանքներուն, հետաքրքրութիւնը կը պակսի եկեղեցւոյ կամ կրօնական անդաստանին հանդէպ: Այս մէկը կրկին անգամ կու գայ շեշտը դնելու քրիստոնէական դաստիարակութեան վրայ` մանուկ հասակէն: Քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը կը տրուի դպրոցին եւ տան մէջ, այլապէս ուշ կ՛ըլլայ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Դպրեվանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան

Նախորդը

ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊՈՂՈՏԱՅ

Յաջորդը

«ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ, ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՍՊԱՐՏԱԿ ՂԱՐԱԲԱՂՑԵԱՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.