Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊՈՂՈՏԱՅ

February 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ ամիս Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող երկլեզու` «Ակօս» թերթին մէջ թուրք լրագրողուհի Կիւլայ Քէօքթիւրք ստորագրած էր «Թալէաթ փաշայի անուան պողոտայ» խորագիրով թրքերէնով շահեկան յօդուած մը, որ կ՛արժէ թարգմանաբար ներկայացնել մեր ընթերցողներուն:

Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը, անկասկած, մարդու ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունքներուն հակառակ է եւ անընդունելի: Այս հարցին շուրջ կարելի չէ վիճիլ, սակայն իմ յօդուածիս կեդրոնական նպատակը այդ չէ, այլ բոլորովին տարբեր հարց մըն է, ուստի չեմ ուզեր այդ մասին վիճիլ:

Այսօր մեր երկրին իշխանաւորները Ֆրանսան կը քննադատեն, որովհետեւ կը կարծեն եւ կը զգան, թէ իրենց արարքը հաստատ հիմեր ունի, բայց ես իրենց կ՛ուզեմ հետեւեալը հարցնել. «Դուք մեր երկրին չորս կողմը տակաւին Թալէաթ փաշայի անուան նուիրուած վարժարաններ, Թալէաթ փաշայի անուան նուիրուած պողոտաներ, Թալէաթ փաշայի նուիրուած հրապարակներ կը հաստատէք, բայց ձեզ չի հետաքրքրեր, թէ մեր հայ հայրենակիցներուն ողբալի աղէտին թիւ մէկ գլխաւոր ոճրագործին մասին իրենք ի՞նչ կը մտածեն, նոյնիսկ չէք ամչնար այդ գծով»:

Մինչեւ օրս մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ այս պատահած ահաւոր դէպքերուն մասին տող մը իսկ չգրելով, մեր պատմութեան այդ սեւ էջը մեր հանրապետութեան զաւակներէն գաղտնի պահելով` «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» (Իթթիհատ վէ թարաքի) կուսակցութեան կատարած ջարդերը կ՛ուզէք ծածկել, նոյնիսկ այս ահաւոր դէպքերուն տէր դառնալով` արդեօք ձեր խիղճը անհանգիստ չէ՞:

Դուք երբ խորհրդարանին մէջ այս հարցին շուրջ կը վիճէիք, հայոց կոտորածը յիշատակող երեսփոխան մը հայհոյանքներով չանարգեցի՞ք, նոյնիսկ զայն դաւաճան որակեցիք: Ո՞ւր է հոս  խօսքի ազատութիւնը: Պատահածը Եղեռն կոչենք կամ ոչ, ի՞նչ տարբերութիւն ունի:

1915 թուականին պատահած դէպքերուն, զորս հայերը կ՛անուանեն «Մեծ աղէտ», «ջարդ» կամ «Եղեռն», դուք իսկ, խումբ մը հայ յեղափոխականները պատրուակ բռնելով` պաշտօնապէս յայտնեցիք, որ կ՛ընդունիք 300 հազար հայերու սպանութիւնը, իսկ, ըստ կարգ մը պատմաբաններու, մէկ միլիոն անմեղ հայեր սպաննուած են:

Բայց դուք` Թուրքիոյ իշխանաւորները, ձեր նախորդներուն կատարած ոճիրին գծով ի՞նչ ըրած էք եւ ի՞նչ կ՛ընէք: Թալէաթ փաշայի նուիրուած պողոտաներու, վարժարաններու կամ անուններու փոփոխութեան հարցը նոյնիսկ օրակարգի վրայ չդրիք:

Մեր երկրի արդի պատմութեան նախագահներէն մին  կամ պետական անձնաւորութիւն մը` (պատահածը եղեռն կոչենք կամ ոչ) 24 ապրիլին մեր հայ հայրենակիցներուն ցաւերուն մասնակից ըլլալու միտումով երկու տողնոց պաշտօնական ցաւակցագիր մը անգամ չհրապարակեց: Աշխարհի չորս ափերուն բարձրացուած, 1915-ին հայոց պատահած եղեռնի ի յիշատակ կառուցուած կոթողներուն դէմ փոխանակ տենդագին զայրոյթ ունենալու, դուք ինչո՞ւ չմտածեցիք կառուցել արձան մը, որպէսզի ամէն ապրիլ 24-ին ծաղկեպսակ մը զետեղելով` առնուազն համակրանքը շահէիք անցեալի այդ դաժան օրերու յիշատակով ողբացող մեր հայ հայրենակիցներուն:

Եթէ այդ բոլորը իրագործած ըլլայիք, եթէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 90 տարիներ ամբողջ իթթիհատականներուն գործած ոճիրը արդարացնելու փոխարէն` դատապարտած ըլլար, այսօր` կոտորած թէ եղեռն վէճը ոչ մէկ իմաստ կ՛ունենար: Եւ հաւանաբար այս երկրին մէջ ապրող հայերը իրենք զիրենք ճշմարիտ հայրենակիցներ կը զգային:

ԿԻՒԼԱՅ ՔԷՕԹԻՒՐՔ

Թարգմանեց` Պ. Ֆ.

Նախորդը

«ՓԹԻԹ»-Ը ՎԵՐԱՓԹԻԹԱՆԱԼՈՒ ՃԱՄԲՈՎ

Յաջորդը

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ՞ Է…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.