Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՓԹԻԹ»-Ը ՎԵՐԱՓԹԻԹԱՆԱԼՈՒ ՃԱՄԲՈՎ

February 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Անկեղծօրէն, հայ իրականութիւնը քիչ բան ունի իր մէջ` ուրախացնող, խանդավառող, յուսադրող, հակառակ զայն բարելաւելու ու բարեկարգելու ոմանց գնահատելի փորձին:

Ամէն ինչ պայմաններուն ու պարագաներուն վրայ նետելն ալ այդքան ճիշդ եւ արդար չէ, ինչպէս շատեր կ՛ուզեն մեկնաբանել կամ բացատրել:

Յամենայն դէպս այդ «քիչ»-ն ալ երբեմն կը գօտեպնդէ, այնքան ատեն որ նոր իրագործում մը, երեւոյթ մը կամ ներդրում մը վերաթարմութիւն մը կը պարգեւէ, վերանորոգում մը կը պարտադրէ:

«Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը, ա՛յս մարզէն ներս, իրօք, կարեւոր ու տեղին ներկայութիւն մը եղաւ, համեստ, բայց նշանակալից երեւոյթով, յատկապէս մանկապատանեկան աշխարհէն ներս մնայուն պատուանդան մը դառնալու ցանկալի հեռանկարով:

Մտայղացումն ու իրագործումը կը պատկանին Կարօ ու Վերժին Աբրահամեան ամոլին, որ նախաձեռնութիւնը վերցուցած է այս աշխատանքին նուիրուելու` առանձին, նիւթա-բարոյական ամբողջական հոգատարութեամբ:

Վերժինը տարիներու փորձառութեամբ ու վաստակով ուսուցչուհի մըն է, հայկական կրթական կեանքին լաւածանօթ մը, իսկ Կարոն` բանասէր-գրականագէտ մը, հետեւաբար, պարզ է, երկուքն ալ ազգային կեանքին մէջ ըլլալով` ձեռնարկած են այս գործին:

Որոշապէս, Վերժինն ու Կարոն բազում դժուարութիւններ յաղթահարելու առջեւ գտնուեցան (ու կը գտնուին), սակայն իրենց մօտ վճռակամութիւնն ու լաւագործութիւնը այնքան զօրաւոր է, որ նախապատուութիւնը տուին (ու կու տան) այս պարբերաթերթը հրատարակելուն:

Ցարդ չորս թիւ լոյս տեսած է «Փթիթ»-էն, ուսանելի եւ արձանագրելի յառաջդիմութեամբ, զայն պահելու եւ շարունակելու հաստատակամութեամբ:

Առանց անտեսելու այսօրինակ այլ հրատարակութիւններու կարեւորութիւնն ու օգտակարութիւնը, «Փթիթ»-ը եւս, իր շահեկան բովանդակութեամբ, գրաւչութեամբ ու դաստիարակութեամբ, անհրաժեշտ է համապատասխան զօրակցութեան եւ օժանդակութեան:

Ո՞վ պիտի ընէ ատիկա, եթէ ոչ` կրթական ցանցը, միութենական կառոյցները, ծնողական շրջանակները, հայ մանուկներուն ու պատանիներուն տրամադրելի դարձնելով զանոնք` փոխանակ անոնց ձգելու, որ մխրճուին կամ կլանուին օտարոտի բարքեր ու սովորութիւններ պարունակող միջավայրերու մէջ:

«Փթիթ»-ը ա՛յս է, որ կ՛ընէ, ա՛յս է իր կոչումը. հայ մանկապատանեկան թերթով, հայ երեխան մղել հայերէն կարդալու, հայերէն լուծելու, հայերէն խաղալու, հայերէն մտածելու, հայերէն գծելու, հայերէն դիտելու:

Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, որ դաստիարակներ ու ծնողներ գործակցէին այսպիսի հրատարակութիւններու պատասխանատուներուն հետ` իրենց թելադրելի եւ յանձնարարելի շինիչ եւ օգտակար խորհուրդներով:

Կը գնահատենք Վերժինին ու Կարոյին մանկավարժական-հրատարակչական այս ճիգը, որովհետեւ համոզուած պէտք է ըլլալ, հայերէնասիրութեան ու հայերէնագիտութեան գիտելիքները կը սկսին այս հանգրուանէն, որուն մէջ նման հրատարակութիւններ կ՛ունենան լրացուցիչ, բայց կենսական դեր մը:

Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն Վերժինին ու Կարոյին` անխափանօրէն շարունակելու հրատարակչական իրենց գործը:

 

 

Նախորդը

ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ

Յաջորդը

ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊՈՂՈՏԱՅ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.