Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն 18 Ռուս Դիւանագէտներու Արտաքսման Որոշումին Մէջ Կը Զօրակցի Չեխիոյ

April 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛աջակցի Չեխիոյ` «Ռուսիոյ սադրիչ գործողութիւններուն իր վճռական պատասխանի» հարցին մէջ: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ կը գրէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:

«Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Չեխիոյ` Ռուսիոյ սադրիչ գործողութիւններուն վերջինիս վճռական պատասխանի հարցին մէջ: Մենք պէտք է վճռական գործենք` ի պատասխան Ռուսիոյ գործողութիւններուն, որոնք վտանգի տակ կը դնեն մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն տարածքային ամբողջականութիւնը, ուժանիւթային անվտանգութիւնը կամ կենսական կարեւոր ենթակառոյցները», գրած է Փրայս:

Յայտնենք, որ 17 ապրիլին Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Եան Կամաչեք յայտարարած էր Ռուսիոյ դեսպանութեան 18 աշխատակիցիներու արտաքսման որոշումին մասին: Վերջիններս, անոր համաձայն, Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան եւ Ընդհանուր հետախուզական վարչութեան սպաներ են եւ առնչութիւն ունեցած են Վրպեթիցէ գիւղի զինամթերքի պահեստանոցին մէջ 2014 թուականին տեղի ունեցած պայթումին հետ:

Դիւանագէտներուն 48 ժամ տրուած էր Չեխիայէն հեռանալու համար:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի պատասխան բողոքագիր յղած է Փրակային` ռուս դիւանագէտները արտաքսելու որոշման պատճառով, ապա Չեխիոյ դեսպանը կանչած են արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ 20 չեխ դիւանագէտներ վտարած:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը մասնակցին Փրակայէն ռուս դիւանագէտներու վտարման, իսկ Չեխիան եւ եւրոպական շարք մը այլ երկիրներ կը փորձեն ծածկել իրենց ներքին խնդիրները:

«Ինչ կը վերաբերի Չեխիոյ, ապա դուք պէտք է հրաշալիօրէն հասկնաք, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ կուտակուած խնդիրներու քանակը այժմ աւելի քան բաւարար է, ուստի անհրաժեշտ է ներքին խնդիրները ծածկելու համար տեղեկատուական-քաղաքական բնոյթի քայլեր ընել` այդ խնդիրները ծածկելու նպատակով», ըսաւ Զախարովա:

Ան համոզուած է, որ ռուս դիւանագէտներուն ուղղուած մեղադրանքները շինծու են եւ զանոնք երկրէն վտարելու պատրուակները ծաղր են, անհեթեթութիւն եւ վայրենութիւն. «Կը պարզուի, թէ մենք կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր ակնյայտը փաստ չէ, իսկ յօրինուածը կրնայ քայքայման հիմք դառնալ` մասնաւորաբար ռուս-չեխական երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ»:

Նախորդը

«Ազրպէյճան Սկսած Է Դէպի Նախիջեւան Ճամբու Շինարարութեան. Ապա Պիտի Կառուցուի Երկաթուղի» Կ՛ըսէ Թուրք Նախարար Մը

Յաջորդը

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Ժողով Գումարելու Մասին Տեղեկութիւնները Ճշգրիտ Չեն» Կ՛ըսէ Իրան

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.