Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներն Ու ՕԹԱՆ-ը Զօրքեր Կը Տեղակայեն Ռուսիոյ Սահմաններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Շոյկու

April 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ կը պատրաստուի 40 հազար զինուոր եւ 15 հազար զէնք ու զինամթերք կեդրոնացնելու Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ, հիմնականին մէջ` Սեւծովեան շրջանին եւ Պալթեան շրջանին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու:

Անոր համաձայն, ներկայիս ամերիկեան զօրքերը Հիւսիսային Ամերիկայի ցամաքամասի բաժիններէն Ատլանտեան ովկիանոսին ճամբով կը տեղափոխուին Եւրոպա: «Եւրոպական Միութեան զօրքերու տեղաշարժ կայ դէպի Ռուսիոյ սահմաններ: Հիմնական ուժերը կեդրոնացած են Սեւ ծովու եւ Պալթեան շրջաններուն մէջ», ըսած է նախարարը:

Ան նշած է. «Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու ուժերը կ՛ուժեղանան, ամերիկեան «4X30» հայեցակարգը որդեգրուած է եւ կ՛իրականացուի, նախորդ տարուան համեմատ` կրկնապատկուած է օդային հետախուզութեան աշխուժութիւնը, իսկ ծովայինը կիսով չափ աւելցած է:

«Եւրոպայի մէջ ամէն տարի դաշինքը կ՛իրականացնէ մինչեւ 40 հիմնական գործառնական վարժանք` յստակ հակառուսական ուղղուածութեամբ: Այս տարուան գարնան ՕԹԱՆ-ի միացեալ զինեալ ուժերը սկսած են վերջին 30 տարուան ամէնէն յաւակնոտ ռազմափորձերուն` «Տիֆենտըր Եուրոփ 2021-ը», շեշտած է Շոյկու:

«Քորրեսփոնտենթ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին ՕԹԱՆ-ը մեղադրած է Տոնպասի մէջ լարուածութիւնը պահպանելու նպատակով Ուքրանիան հրահրելու յանցանքով:

«Իբրեւ զինուորական դաշինք` ՕԹԱՆ-ը պէտք է զբաղի անվտանգութեան հարցերով, սակայն անիկա կրկին սիրախաղ կը կատարէ Քիեւի հետ: Նոյն ատեն դաշինքը, կապի մէջ ըլլալով եւ սերտ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալով Քիեւի վարչակարգին հետ, մտահոգութիւն չի յայտներ, թէ ի՛նչ կը կատարուի Տոնպասի մէջ, այլ ընդհակառակն` Քիեւի քաղաքական գործիչներուն աւելի շատ կը դրդէ այսպէս կոչուած նուաճումներու, եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ արդէն երկար տարիներ: Երեխաներ, կիներ, տարեց մարդիկ կը մահանան», ըսած է Զախարովա եւ քննադատած Եւրոպական Միութեան քայլերը:

«Եւրոպական Միութիւնը հզօր տնտեսութեամբ, զինեալ ուժերով եւ գաղտնի սպասարկութիւններով կը հետեւի, թէ Եւրոպայի ճիշդ սրտին մէջ ի՛նչ կը կատարուի, եւ ո՛չ միայն կը դիտէ, այլ ամէն կերպ կը խրախուսէ Քիեւի վարչակարգը: Խօսքը արդէն ոչ թէ մարդու իրաւունքներու, այլ առաջնային անվտանգութեան մասին է», շեշտած է Զախարովա:

«Դուք չէք գտներ Քիեւի դէմ ուղղուած միայն մէկ հասարակ կոչ` կատարուած աշխատանքի մասին զեկուցելու, բանակցային սեղան վերադառնալու, դադրեցնելու այս քաղաքական ոչ թէ նոյնիսկ սադրանքը, այլ միջազգային քաղաքական վրդովումը: Անոնցմէ ոչ մէկը տեղի ունեցած է», շեշտած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը դժգոհած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ընդհակառակն, խստացուցած է իր հռետորաբանութիւնը Ռուսիոյ դէմ` Մոսկուան մեղադրելով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած ամէն ինչի ձախողութեան յանցանքով:

 

Նախորդը

«Պատժամիջոցները Վերցնելու Պարագային Պատրաստ Ենք Իւրանիոմը 60 Առ Հարիւրով Հարստացնելէ Հրաժարելու» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Լուքաշենքօ Ալիեւին Օգնութիւն Առաջարկած Է Պատերազմէն Ետք Արցախի Վնասուած Տարածքներու Վերակառուցման Հարցին Մէջ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.