Ֆրանսական Նանթ ֆութպոլի ակումբը կը փափաքի մնայուն անդամ դարձնել յարձակողական ոճի միջնապահ Գոռ Մանուէլեանը:
«Ուեսթ Ֆրանս» կը տեղեկացնէ, որ ֆրանսական ակումբը արհեստավարժ պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ 19 տարեկան ֆութպոլիստին:
Մանուէլեան, որ Նանթի սան է, ներկայիս ելոյթ կ՛ունենայ ակումբին 19 տարեկանէն վար խումբին հետ:
Կ՛ակնկալուի, որ պայմանագրութիւն մը ստորագրելու պարագային, Մանուէլեան տեղափոխուի գլխաւոր խումբ:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Նանթի արձանագրած արդիւնքները` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, կը նկատուին վատ` նկատի ունենալով, որ անիկա 28 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը:



