Հայաստանի մէջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին:
Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Յորդանան յաղթեց Լիբանանին, մինչ Հայաստան-Լիթուանիա հանդիպումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին` Օլկա Օսիպեան եւ Նեսի Աւեսեան:
Տիտղոսակիր դարձաւ Լիթուանիա (7 կէտով), երկրորդ դիրքը գրաւեց` Հայաստան (5 կէտով), մինչ երրորդ հանդիսացաւ Յորդանան (4 կէտով): Լիբանան առանց ոչ մէկ կէտ ապահովելու գրաւեց չորրորդ եւ վերջին դիրքը:
Մրցումէն ետք կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Օլկա Օսիպեան:



