Երէկ` ուրբաթ, 9 ապրիլին իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.» յայտարարեց, որ վաղը` կիրակի, 11 ապրիլին նախատեսուած «Սփիտ Թեսթ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը շաբաթով մը յետաձգուեցաւ եւ անիկա պիտի կատարուի կիրակի, 18 ապրիլին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շրջանին մէջ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր յետաձգման գլխաւոր պատճառը օդերեւութաբանական է` նկատի ունենալով, որ վաղը կը նախատեսուի տեղատարափ անձրեւ:



