Հայաստանի ծանրաբարձութեան աղջկանց հաւաքականի անդամ Լիանա Գիւրջեան (55 քկ) հանդիսացաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Ան ընդամէնը բարձրացուց 227 քկ (98 եւ 129 քկ)` գրաւելով երրորդ դիրքը:
Նշենք, որ հայրենի հաւաքականը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 14 մարզիկով:
Մոսկուայի մէջ կատարուող այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է` ողիմպիականի խաղերուն համար:



