Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Տօնական Արձակուրդային Մթնոլորտին` Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն Խոստմնալից Քայլերով

April 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Զատկուան տօնի նախօրեակին, երբ երկիրը կը թեւակոխէ վաղը` շաբաթ առաւօտէն մինչեւ յառաջիկայ երեքշաբթի, 6 ապրիլի առաւօտը երկարող արձակուրդի եւ «Քորոնա» համավարակի բերումով` «փակման» միջոցառումներու ժամանակաշրջան, անդին երկրի կացութեան բարելաւման գծով հրապարակային թէ քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին զանազան ուղղութիւններով:

Այս իմաստով առնչակից կողմերը վերջերս դրսեւորած իրենց կեցուածքներով շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը` դրական ելք մը գտնել կարենալու համար հետզհետէ շեշտուող քաղաքական, առողջապահական թէ ընկերային-տնտեսական տագնապներուն: Հոսկէ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երէկուան զգուշացման վերանորոգ կոչը, թէ երկիրը կ՛ընթանայ դէպի փլուզում` անհրաժեշտ նկատելով կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը: Նմանապէս` ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի երկարատեւ խորհրդակցութիւնը նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` վերջերս Ֆրանսայէն իր վերադարձին: Նոյն ծիրին մէջ, Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մարմինի ճիգերուն արգասիքը եղող խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ մարոնիներու Պշարա Ռայի  պատրիարքը այս կիրակի Ս. Զատկուան իր հոգեւոր պատգամին մէջ առաջադրէ կառավարութեան կազմութեան գծով դրական եւ խոստմնալից քայլեր:

Այս բոլորը սակայն ինքնստինքեան չեն, աւելի՛ն` անոնք կու գան ցոլացնելու շրջանի կացութեան կայունացման ու անդորրութեան հաստատման գծով լուսարձակէ հեռու  տարուող միջազգային թէ շրջանային մակարդակի ճիգերը, որոնք թարգմանութիւնը կը նկատուին վերջերս Լիբանանի գծով ցուցաբերուող արտաքին «հոգատար» կեցուածքներուն: Խորքին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր պատուիրակներուն առընթեր նաեւ անջատ կապեր հաստատած է լիբանանցի ղեկավարներու հետ, ինչպէս` նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Նոյն ծիրին մէջ կ՛իյնայ Բրիտանիոյ դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Մարթին Լենկտընի վերջերս ունեցած խորհրդակցութիւնը հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ` շեշտելով կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս քայլերը կը յաջորդեն Լիբանանի զօրակացութեան իրանեան եւ ռուսական կոչերուն, որոնց շրջագիծին մէջ էին երէկ Իրաքի առողջապահութեան եւ կենսոլորտի նախարար Հասան Թամիմիի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնները երկրի ղեկավարներուն: Հանդիպումներուն ընթացքին ան յայտնեց իր երկրի` Իրաքի զօրակցութիւնն ու Լիբանանի ենթակառոյցի եւ առողջապահական մարզին նպաստելու պատրաստակամութիւնը: Այս ճիգերը արդիւնաւորելու իմաստով կը նախատեսուի հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի Պաղտատ այցելութիւնը: Իր կարգին, Չինաստան հեռու չէր տիրող մթնոլորտէն, եւ անոր դեսպանը եւս իր երկրին պատգամը փոխանցեց երկրի ղեկավարներուն տուած իր հրաժեշտի այցելութեանց ծիրին մէջ:

Այս մթնոլորտը թէեւ տակաւին խօսքի սահմաններուն մէջ է, սակայն իր զգալի ազդեցութիւնը ունեցաւ յատկապէս երկրի կացութեան իրավիճակը ցոլացնող` լիբանանեան թղթոսկիի «ջերմաչափին» ճամբով, ուր երէկ` հինգշաբթի, 1 ապրիլին, լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակագինը հասաւ մինչեւ 11. 200 լիբ. ոսկիի սահմանները` վերջերս արձանագրած իր 15 հազար լիբ. ոսկիի արժէքէն ետք:

Նախորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Ապրի՛լ Յարուցեալ Կեանքի Հրամայականը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.