Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՅՆ ՊԱՀՈՒՆ, ԵՐԲ ԿԸ ԼՈՒԾՈՒԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՓՐԱՏԻ ՎՐԱՅ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

January 31, 2012
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոգատարական վարչակարգի ամէնէն մութ մասը չլուծուած եւ անյայտ սպանութիւններն են: Հազարաւոր չբացայայտուած սպանութիւններ կատարուեցան 12 մարտի եւ 12 սեպտեմբերի յեղաշրջումներուն եւ ամբողջ 1990-ականներու կէսերուն: Եւ քանի որ այս սպանութիւնները չլուծուած մնացին, հոգատարութեան արիւնոտ կողմը տակաւին առեղծուած կը մնայ: Այժմ ժամանակն է լուծելու այդ առեղծուածը:

Վերջին քանի մը շաբաթներուն լուրջ զարգացումներ տեղի կ՛ունենան Տիգրանակերտի մէջ: 19-ի հասած է թիւը այն գանկերուն, որոնք յայտնաբերուեցան Տիգրանակերտի Իչքալէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերակառուցման աշխատանքին ատեն: Շրջանը ներկայիս կը հիւրընկալէ Տիգրանակերտի բանտը եւ դատարանը, եւ ուր հակաահաբեկչական կեդրոնն ու ոստիկանութեան հետախուզութեան ստորաբաժանումը ժամանակին տեղակայուած էր:

Պեղումներու աշխատանքէն առաջ դիմումներ, առաջարկներ ներկայացուած էին, բայց դատախազութեան գրասենեակը ատոնք մերժած էր: Աստուածային արդարութիւնը անակնկալներու միջոցով այս ձեւով արտայայտեց, դրսեւորեց ինքզինք:

Նմանապէս, Տիգրանակերտի Յատուկ լիազօրուած դատախազութեան գրասենեակը իր իրականացուցած հետաքննութեան իբրեւ մէկ մասը` յատկանշական այլ քայլ մը առաւ վերջերս: Շիրնաք-Կիւչլիւքոնաքի մէջ Եաղիզոյմաք ոստիկանական ստորաբաժանումի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին կից գտնուող դատարկուած հողին վրայ պեղումներու աշխատանքի ատեն յայտնաբերուեցան բեկորները երեք մարմիններու, թաղուած` իրենց հագուստներով: Հինգ անձերէն երեքը, որոնք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) աջակցելու ենթադրեալ յանցանքին համար զինուորականութեան կողմէ 1994-ին Օզպաշաղաօղլուի մէջ կալանաւորուելէ ետք անհետացած էին, իրենց հագուստներուն հիմամբ ճանչցուեցան հարազատներու կողմէ:

Ոճրագործութիւններու լուծման առնչուող այս չափազանց կարեւոր զարգացումները հաղորդամիջոցներու մէկ մասը փորձեց անտեսել, ինչպէս որ ըրած էր, երբ Էրկենեքոնի փաստաթուղթերը բացայայտուած էին: Անոնք այսպիսի զարգացումներ կրկին կ՛անտեսեն` նուազագոյն ուշադրութիւնը յատկացնելով եւ փորձելով մարդիկը շեղել այդ զարգացումներէն: Սակայն անոնք շուտով պիտի սկսին հաղորդել, անդրադառնալ այս եղելութիւններուն, ինչպէս որ ըրին Էրկենեքոնի եւ Հրանդ Տինքի հարցերու պարագաներուն:

ՔԱԿ – Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւն (ԽԺԿ) ճակատը որդեգրած է հաղորդամիջոցներու կողմէ որդեգրուած նման վերաբերում մը, որ կը ծառայէ հոգատարութեան շահերուն: Անոնք եւս լուռ են, բայց ինչո՞ւ:

Անոնք լուռ են, որովհետեւ եթէ Եփրատի արեւելեան կողմի մթութիւնը լուսաւորուի, ՔԱԿ-ի բնոյթը եւ անոր կապերը ուրուային պետութեան հետ պիտի բացայայտուին: Ամէնէն կարեւորը, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ), որ այս հոլովոյթին մէջ յատկանշական դերակատարութիւն խաղցած է եւ քաղաքական խոհեմութիւն ցուցաբերած, դրսեւորած է, շրջանին մէջ ժողովուրդին ուշադրութիւնը իր վրայ պիտի հրաւիրէ: Ասիկա մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ ՔԱԿ-ԽԺԿ ճակատին համար:

Բացի ատկէ, մինչեւ այն ատեն, որ չբացայայտուած սպանութիւնները օրակարգի վրայ կը մնան, հակառակ իր կամքին, ՔԱԿ-ի կողմէ իրականացուող սպանութիւնները հարցականի տակ կը դրուին:

ՔԱԿ-ի համար ամէնէն մեծ վտանգը քրտական գիտակցութեան, խղճմտանքի զարթնումն է: Էրկենեքոնի դէպքերը թրքական շրջանակներուն մէջ բարձրացուցին իրազեկութեան մակարդակը: Այժմ քիւրտերու իրազեկութեան մակարդակի բարձրացման ժամանակն է:

Այս զարթնումին վերաբերող կարեւոր զարգացում մը կայ. քիւրտ քաղաքական երկու գործիչներ, մարդկային իրաւանց խորհրդարանական յանձնախումբին յառաջացուցած ենթայանձնախումբին վկայած, խոստովանած են շրջանին մէջ պատահածը:

Քեմալ Պուրքայ, որ Թուրքիա վերադարձած է երեք տասնամեակներու կամաւոր աքսորէ ետք, ըսաւ, որ ՔԱԿ ուրուային պետութեան կողմէ ստեղծուած է 1977-ին, ապա ինկած է սուրիական վերահսկողութեան տակ, եւ թէ` Ապտիւլլա Օճալան ձերբակալուելէ ետք ղեկավարուած է Էրկենեքոնի անդամ հրամանատարներու կողմէ:

Պուրքայ նաեւ պնդեց, որ ՔԱԿ հիմնադրուած եւ նիւթական յատկացումներ ստացած է պետութեան կողմէ, 1977-ին, փորձելով սասանել այլ կազմակերպութիւններու ազդեցութիւնը: Պուրքայ, ըստ որուն ՔԱԿ պետական ծրագիր մըն է, շեշտեց, որ այդ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ ոճիրներ իրականացուցած է քիւրտերու դէմ:

Պուրքայ նաեւ ըսաւ, որ «Քիւրտ բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ սպաննուած են ՔԱԿ-ի կողմէ, Եւրոպայի մէջ»:

Քիւրտ քաղաքական գործիչ Իպրահիմ Կիւչլիւ հետեւեալ նշումները ըրաւ յանձնախումբին.

«Ես համաձայն չեմ ուրուային պետութիւն հասկացողութեան հետ: Ես համաձայն եմ, որ ՔԱԿ ստեղծուած է քեմալական պետութեան կողմէ: Խնդիրը միայն Էրկենեքոնը չէ: Եթէ Էրկենեքոն կը ղեկավարուի, կը վերահսկուի երկրորդ կամ երրորդ մակարդակի ուրուային պետութեան նուիրապետութեամբ, ես կը տեսնեմ, որ քեմալական պետութիւնը ՔԱԿ-ի հետ կը գործակցի առաջին մակարդակի վրայ: ՔԱԿ եւ Էրկենեքոն նոյն կեդրոնէն կը ղեկավարուին, կը վերահսկուին»:

Հոգատարութեան կողմնակիցներուն համար ծանր, դժուար ժամանակները իրականութեան մէջ հիմա պիտի սկսին:

ՀԻՒՍԷՅՆ ԿԻՒԼԵՐՃԷ

«Թուտէյզ Զաման»

Նախորդը

ԹՈՒՐՔ-ԱՐԺԱՆԹԻՆԵԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԿՕ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՕՐ ՄԸ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.