24 մարտին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած է Իրաքի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Ժումաա Ինատի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
25 մարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու նախարարներուն առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է պատուիրակութիւններու կազմով հանդիպումը:
Զրուցակիցները քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի եւ Իրաքի երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները, կարեւոր նկատած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները` փորձի փոխանակում, կանոնաւոր ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններ, ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւն:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրներու առնչուող հարցեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն ու Իրաքի պաշտպանութեան նախարարը ստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին մտադրութիւններու վերաբերեալ համաձայնութիւն, որով սահմանուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող համագործակցութեան 13 ոլորտներ: Փաստաթուղթով նախատեսուած է նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր:
Իրաքի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը 25 մարտին այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:



