Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն միօրեայ հանգիստէն ետք, Ա. Էս. Ռոմայի ֆութպոլիստները վերսկսան իրենց հերթական փորձերուն` պատրաստուելու համար խումբին կատարելիք յառաջիկայի մրցումներուն:
Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կը շարունակէ ապաքինիլ աջ սրունքի իր վնասուածքէն, իր կարգին սկսաւ իր փորձերուն, սակայն առանձին:
Առանձին փորձեր կը կատարեն նաեւ երեք այլ ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Ժորտան Վերեթու:



