Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական (21 տարեկանէն վար) հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուելու Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Այս հաւաքը, որ սկսաւ այս շաբաթասկիզբին, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 26 մարտ:
Վերոնշեալ վայրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին (հաւաքին վերջին օրը) ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 15:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հայաստան-Պիելոռուսիա մրցումին մուտքը ազատ է:



