Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 17-31 մարտին Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց հաւաքականը, աւագ մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորութեամբ, պիտի մասնակցի հաւաքի մը Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ` պատրաստուելու համար 18-26 ապրիլին զուիցերիական Պալ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հաւաքին կը մասնակցին մարզիչներ Հայկ Նազարեան, Աշոտ Գասպարեան եւ մարզիկներ Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան, Արմէն Պետրոսեան եւ Արթուր Թովմասեան:



