Հայաստանի մէջ գտնուող Նետերլանտներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիքօ Շերմերս այցելեց Ուրարտու ֆութպոլի ակումբ, այս մասին յայտնեց հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Դեսպանը, շրջագայելէ ետք ակումբին տարբեր բաժանմունքները, հանդիպեցաւ նաեւ ակումբին պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայի համագործակցութեան հեռանկարները:
Այցելութեան աւարտին դեսպանին յանձնուեցաւ Ուրարտուի անուանական մարզաշապիկը:



