Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց ազգային հաւաքականները կը կատարեն ուսումնամարզական հաւաքներ:
Տղոց հաւաքականը, որ 12 մարզիկով հաւաք կը կատարէ Աբովեանի մէջ, անոր երկրորդ բաժինը պիտի կատարէ այս ամսուան երկրորդ կիսուն` Երեւանի մէջ:
Իսկ աղջկանց հաւաքականը, որ Արտաշէս Ներսիսեանի գլխաւորութեամբ հաւաք կը կատարէ Երեւանի մէջ, քանի մը օր ետք պիտի մեկնի Ծաղկաձոր:
Նշենք, որ այս հաւաքները պիտի ըլլան նախապատրաստութիւն` 3-14 ապրիլին Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան:



