Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան` Ռէալ Մատրիտ, յառաջիկայ ամրան, երբ մարզիկներու փոխանցումները սկսին, առաւելագոյն ճիգը պիտի թափէ իր կազմին միացնելու Պորուսիա Տորթմունտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին վտանգաւոր յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտին:
Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթին համաձայն, արքայական ակումբը պատրաստ է անոր փոխանցման համար առաջարկել 150 միլիոն եւրօ, իսկ 6 տարուան պայմանագիրով 20 տարեկան ֆութպոլիստին պիտի վճարէ ընդհանուր` 120 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ, թէ նկատի ունենալով որ երկու ակումբները իրարու հետ բաւական լաւ յարաբերութեան մէջ են, կրնան համաձայնութեան գալ` անոր փոխանցման գումարը քանի մը տարուան ընթացքին վճարելով:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 19 մրցումի` նշանակելով նոյնքան կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ:



