Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Իրանը պատասխանատու նկատեց Օմանի ծոցին մէջ իսրայէլեան նաւու ականահարման ետին կանգնելու մէջ: «Ատիկա իրապէս իրանեան գործողութիւն էր… ատիկա յստակ է», ըսաւ ան:
Ան ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ՞ այդ դէպքին, կրկնեց «Իրանի հիւլէական կարողականութիւնը զարգացնելու արգելք հանդիսանալու» մասին իր նախկին յայտարարութիւնները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց Նեթանիահուի մեղադրանքները: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Մենք ո՛չ միայն կտրուկ կերպով կը հերքենք մեղադրանքները, այլ նաեւ հետեւած ենք այդ պետութեան բոլոր գործողութիւններուն, որոնք ուղղուած են Իրանի անվտանգութեան դէմ»:
«Շրջանին մէջ անկայունութեան եւ անվտանգութեան չգոյութեան հիմնական պատճառը Իսրայէլի վարչակարգն է», աւելցուց ան:
Յիշեցնենք, որ բրիտանական ծովային առեւտուրի գործողութիւններու մարմինն ու ծովային անվտանգութեան ընկերութիւնը ուրբաթ օր հաղորդեցին, որ իսրայէլեան նաւ մը սէուտական Տամմամ քաղաքի նաւահանգիստէն Սինկափուր ուղղուած ատեն պայթումի ենթարկուած է:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց շաբաթ օր յայտնած էր, թէ ըստ նախնական տուեալներու, Իրան կը կանգնի հինգշաբթի օր Օմանի ծոցին մէջ իսրայէլեան բեռնատար նաւու մը թիրախաւորման ետին:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին մօտ եղող իրանեան «Քէյհան» օրաթերթը կիրակի օր հաղորդեց, որ Օմանի ծոցին մէջ իսրայէլեան նաւուն դէմ յարձակումը շրջանին մէջ իսրայէլեան վերջին ոճրագործութիւններէն դիմադրութեան վրէժն է:



