Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Փառքը, Հայաստանի Ողբը

February 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Վերանկախացած Հայաստանը փառքի հայրենիք էր, բայց դարձաւ ողբի երկիր: Այսօր կատարեալ ողբերգութիւն` պետական եւ կառավարման մակարդակներու վրայ: Երեսուն տարի հայրենի ժողովուրդը փորձեց կառուցել Հայաստանի փառքը: Երեսուն տարի ղեկավարութիւնը հիւսեց Հայաստանի ողբը:

Փառքը սկսաւ վերանկախացումէն անմիջապէս առաջ` Արցախի ազատագրութեան պայքարով եւ Արցախի ազատագրումով: Ողբը սկսաւ վերանկախացումէն անմիջապէս ետք` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահ ընտրութեամբ:

Ողբը յաջողելու համար պէտք էր քանդուեր փառքը: Քանդելու համար պէտք էր ամերիկեան եւ եւրոպական յենարաններ` տոլարներով եւ խորհրդատուներով: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ողբի կառուցումը մնաց կիսաւարտ, որովհետեւ ժողովուրդը կը մնար կառչած փառքին: Տէր Պետրոսեան ստիպուած էր հրաժարիլ իր վտանգաւոր նախագահութենէն:

Տէր Պետրոսեանին յաջորդեց իրերանման կրկնակ ղեկավարութիւններ, որոնք մասամբ մոռցնել տուին ողբը, բայց իրենց ապիկարութեամբ չկրցան ամրապնդել Հայաստանի փառքը:

Ապա, ձախողութենէն դասեր քաղած, Տէր Պետրոսեան եւ իր օտար տէրերը վրէժխնդրութեամբ վերադարձան ողբի կառուցման եւ փառքի քանդումին: Այս անգամ պարտականութիւնը ստանձնեց իր հոգեզաւակը` Նիկոլ Փաշինեան, որ իր քաղաքական իմաստակութեամբ եւ վարչական տխմարութեամբ հետեւեցաւ իրեն պատուիրուած օտարամուտ ծրագրի գործադրութեան:

Փառքը քանդելու համար պէտք էր պետութիւնը գրաւել ներսէն, մանաւանդ տիրանալ ուժային կառոյցներուն` ԱԱԾ-ին եւ ոստիկանութեան: Պէտք էր անպայմանօրէն յուսահատութեան մատնուէր ժողովուրդը, որպէսզի փառքը վերջնականապէս արմատախիլ ըլլար:

Այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ էր պարտութիւն: Ծրագրուած էր, Մեծն Բրիտանիոյ, քարիւղի աւատապետներուն, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի կառավարութեան գործակցութեամբ, երկու կամ երեք օրէն պարտութեան մատնել հայ ժողովուրդը` վերացնելու համար անոր մարտունակութիւնը ի սպաս փառքի պահպանման: Ծրագիրը քառասուն օրեր ձախողեցաւ` հայ բանակայինի եւ կամաւորականի անհատնում դիմադրականութեամբ:

44-րդ օրը ծրագիրը յաջողեցնելու համար ողբի գործակալներուն պետը դիմեց անձնատուութեան:

Այս ողբը հիմա կը պահուի ՀՀ ԱԱԾ-ի եւ ոստիկանութեան մեղսակցութեամբ: Պետութեան կառոյցը փտած է ներսէն, ուր ղեկի բերուած են ստրկամիտներ, որոնք եռապատիկ ամսականներ եւ կաշառքներ ստանալով` կը ճգնին երկարաձգել ողբը:

Ժողովուրդը, սակայն, դուրս կու գայ իր թմբիրէն: Ժողովուրդը վճռած է վերահաստատել Հայաստանի փառքը:

Միայն Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումով կարելի չէ վերադարձնել փառքը: Հարկաւոր է մաքրագործել ամբողջ պետական կառոյցը:

Երեսուն տարիներու տէրպետրոսեանական ախտը կը մաքրուի միայն վերակառուցելով պետութիւնը` հայութեան հաւատարիմ, ազնիւ, մաքուր եւ կարող պաշտօնատարներով:

Բա՛ւ է երեսուն տարիներու սեփական գրպանը լեցնող, անկարող եւ գործակալ մարդոց իշխանութիւնը:

Անոնք բոլորը միասին ու միատեղ պէտք է վերացուին: Այդպէս կը սկսի Հայաստանի փառքի վերադարձը:

21 փետրուար 2021

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Բեմի Առիւծը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.