Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սթեֆանոս Ցիցիփաս (Յունաստան) երէկ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը, այսպիսով հանդիսանալով կիսաւարտական հանգրուանին հասնող վերջին մարզիկը:
Հակառակ անոր, որ 34 տարեկան Նատալ առաջին երկու սեթերուն յաղթեց 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով, այսուհանդերձ յաջորդ երեքին Ցիցիփաս ինք յաղթեց 7-6, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց աւելի քան 4 ժամ:
Կիսաւարտականին 22 տարեկան Ցիցիփասի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Տանիիլ Մետվետեւ:
Տղոց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ նախանցեալ օր ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ երեքուկէս ժամ տեւած պայքարէ մը ետք 6-7, 6-2, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց 7-րդ դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւին:
Կիսաւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ Ասլան Քարացեւին (Ռուսիա), որ իր յաղթանակը արձանագրեց պուլկարացի Կրիկոր Տիմիթրովի դէմ:
Աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ 10-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմս եւ 3-րդ դասուած ճափոնցի Նաոմի Օսաքա` յաջորդաբար ռումանացի Սիմոնա Հալեփի (2-րդ) եւ Հսիեհ Սու-Ուէի (Թայուան) դէմ:
Անոնց հետեւեցան նաեւ թիւ 1 դասուած Էշլի Պարթի (Աւստրալիա) եւ 22-րդ դասուած Ճենիֆըր Պրէյտի (Միացեալ Նահանգներ):



