Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն-ի Խմբագրական

February 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայ դատի գրասենեակները պէտք է աշխատեն այնպէս, ինչպէս իտէալական արտաքին դիւանագիտութեան դէպքում է, որովհետեւ միայն այդ դէպքում կարելի կը լինի արդիւնքների հասնել»

ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Տասնամեակներէ ի վեր աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կիզակէտը հանդիսացած է հայ ժողովուրդին ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազգային ձգտումներու իրագործումը եւ պատմական հայրենիքի հողատարածքին վրայ պետութիւն ունենալու հայ ազգի իրաւունքը:

Միացեալ հայրենիքի տեսլականով գործող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը այսօր վերոնշեալ ուղին ու գործելաձեւը կը շարունակեն, յատկապէ՛ս` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ, միաժամանակ կերտելով սփիւռքի ազգադրոշմ ինքնութեան ռազմավարութեան ձևաւորումը:

Վերջին տասնամեակին Պաքուի եւ Անգարայի համակարգուած հայատեաց քարոզարշաւին լծորդուած են թրքական եւ ազրպէյճանական սփիւռքի համայնքները, ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Ովկիանիոյ եւ Եւրոպայի ցամաքամասերը, ներառեալ` Քանատան, ուր երկու երկիրներու պետական ներկայացուցչութիւններու կողմէ հետեւողական ու ծրագրուած գործընթաց կը տարուի պատմութիւնը խեղաթիւրելու եւ ապատեղեկատուական արշաւներ սանձազերծելու:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի` Հայկական հարցի լուծման գծով նպատակամղուած սեւեռակէտ կը հանդիսանայ այն իրողութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ անժամանցելի պատասխանատուութիւնը քննարկման ենթակայ երբեք չեն կրնար ըլլալ եւ, առ այդ, կը պահանջէ լիակատար հատուցում` Ցեղասպանութեան միջոցով բռնագրաւուած պատմականօրէն հայկական հողատարածքներու եւ ազգային, մշակութային ու հոգեւոր բնաջնջուած կամ իւրացուած կառոյցներու ու յուշարձաններու համար:

Կրնանք աներկբայօրէն հաստատել, որ տասնամեակներու ընթացքին, համեստ պայմաններով հանդերձ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը տիտանական աշխատանք ու ձեռքբերումներ իրագործած է, 80-ական թուականներու նահանգային խորհրդարաններու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներէն մինչեւ յաջորդաբար 2002 եւ 2004 թուականներու Քանատայի վերին պալատի եւ դաշնակցային խորհրդարանի Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերն ու օրինագիծերը:

Արհեստագիտութեան նորօրեայ զարգացումներուն եւ քարոզչական յարափոփոխ աշխարհակարգի մը մէջ ըլլալով հանդերձ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, քարոզչական իր մարտավարութիւնը ինքնավերասահմանման ենթարկելով, այսօր կը բանակցի պետական մակարդակի բարձրագոյն օղակներուն հետ:

Լոպիինկը ու քարոզչական բանակցութիւնը յարատեւ եւ հետեւողական գործընթաց է, որ դադար չունի եւ պէտք չէ ունենայ, մանաւա՛նդ` հայ ազգին համար, որ այսօր գտնուելով աշխարհաքաղաքական ամէնէն բարդ իրադրութեանց մէջ, ստիպուած է յաւելեալ ինքնամղումի ենթարկելու իր քարոզչական կռուանները, ստիպուած է միշտ զգաստօրէն դիմագրաւել նորանոր մարտահրաւէրները, յատկապէ՛ս արցախեան պատերազմէն ետք, որպէսզի մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ քանդակուած մնայ կորուսեալ հայրենիքին ու կորուսեալ ծննդավայրին իրաւատէրը ըլլալու անժամանցելի պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

Օթթաուայի Հայ դատի գրասենեակը, իր նպատակաուղղուած եւ բազմաբեւեռ աշխատանքային ծիրով, 5 տարիէ ի վեր, որպէս ազդեցիկ քաղաքական եւ քարոզչական կառոյց, կը գործէ տեղեկատուական եւ յարաբերական բնագաւառներէն ներս:

Այսօր, ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի շրջանային ժողովներու ընթացքին ընդունուած յստակ բանաձեւումներու լոյսին տակ, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մէջ պաշտօնական պայմանագրութեամբ գնեց կալուածային շէնք մը, որ շուտով պիտի դառնայ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նստավայրն ու աշխատանքային գրասենեակային համալիրը:

Հայ դատի Օթթաուայի այս նոր միջնաբերդը կու գայ յաւելեալ աւիւն ներարկելու աւելի քան 70 տարուան համաքանատական Հայ դատի աշխատանքներուն:

Արեւմուտքի մէջ Հայ դատի Օթթաուայի մարտկոցը` հայութեան պահանջատիրութեան անվկանդ հետապնդման հաւատարիմ, քարոզչական գործադաշտը ծաւալելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ հայրենատիրութեան առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Օրակարգային Վերանայման Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Վազգէն Շուշանեան` Սիրոյ Եւ Արկածի Տղան, Յեղափոխութեան Հաւատարիմը, Որուն Համար Հյ Դաշնակցութիւնը Հայ Մշակոյթի Հարազատ Ներշնչարանն Ու Տարածիչն Է

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.