Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ «ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»ԻՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԱՐԹԻՒՐ Ք.Ի ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

January 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 26 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ «Եռագոյն Ֆոնտ»-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արթիւր Ք.ի (տոքթ. Յարութ Նիկոլեան) գործերու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանրութեան:

Յակոբ Հաւաթեան

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի տպարանի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ մեծապէս գնահատեց Արթիւր Ք.ի գործունէութիւնը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտին, որ ցուցահանդէսին հասոյթը կը տրամադրէ «Ազդակ»-ին եւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը անցեալին տէր կանգնած է իր մշակոյթին եւ գրականութեան, ինչ որ գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքն է:

Հերկելեան յայտնեց, որ Արթիւր Ք. էութեամբ արուեստագէտ մըն է, որ ունի իր ինքնուրոյն ոճն ու մտածողութիւնը եւ իր նորարարութեամբ ու նոր ստեղծագործութիւններով ընդունուած է եւ գնահատուած: Հերկելեան ներկայացուց արուեստագէտի ոճային իւրայատկութիւններն ու յատկանիշները:

Արթիւր Ք.

Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց Արթիւր Ք.,որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Եռագոյն Ֆոնտ»-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Ազդակ»-ին:

Արթիւր Ք. աւելցուց, որ Այբուբենը մարդկային իրաւանց ամէնէն կարեւոր վկաներէն է, որ ցոյց կու տայ ժողովուրդին գոյութիւնն ու իմաստը: Արուեստագէտը գնահատեց Ֆրանսայի ծերակոյտին ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը եւ շեշտեց, որ այս մէկը երազ մըն էր, որ իրականացաւ:

Ցուցահանդէսին Արթիւր Ք. ցուցադրած էր խառն թեքնիքներով 32 ստեղծագործութիւններ, որոնք կը կրէին տարբեր նիւթեր, ինչպէս` «Պայքար», «Շարլ Ազնաւուր», «Գարեգին Նժդեհ», «Ոսկեայ օրեր», «Ռոսլին», «Արամ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 6 փետրուար 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Յաջորդը

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՀԱԲԵԿԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.