Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ. ՅԻՇԱՐԺԱՆ ԵՐԱԽԱՅՐԻՔ

January 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ երեկոյեան Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի ժողովին ներկայացաւ երիտասարդուհի մը եւ յայտնեց, որ աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումը, սկսած է աշխատանքի եւ որոշած` ճակտի քրտինքին անդրանիկ  արգասիքը եղող  իր առաջին ամսականը նուիրել «Արցախ Ֆոնտ»-ին հաստատած «Նոր կեանք, նոր Յոյս» ծրագիրին:

Ոեւէ մէկուն համար միշտ յիշարժան ու անմոռանալի կը մնայ իր առաջին ամսականին հետ կապուած յուշը: Ահաւասիկ այս հայուհին իր կեանքի  կարեւոր յուշերէն մէկը իւրօրինակ դարձնելու գեղեցիկ եւ օրինակելի նախաձեռնութիւնը ունեցած է:

Այս երեւոյթը ի հարկէ արդիւնքն է ընտանիքին թէ հայ դպրոցին մէջ ստացած իր  մարդկային թէ ազգային դաստիարակութեան, բայց մանաւանդ, արցախեան ազատամարտի հերոսներուն կեանքի գնով իսկ իրագործած հպարտառիթ նուաճումներուն, որոնցմով  պայմանաւորուած  են  իր ոգեւորութիւնն  ու  նուիրաբերումի խոր ապրումներն ու գիտակցութիւնը:

«Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի իրագործումը նոր որակի հասցնելու քննարկման պահուն յայտնուած  նման գեղեցիկ անակնկալի մը առիթով յուզուած ու ոգեւորուած  էինք բոլորս եւ երբ  իր ներկայութեան մտածեցինք «Ազդակ»-ի միջոցով մեր ուրախութիւնը կիսել հանրութեան հետ, համեստ ժպիտով մը խնդրեց, որ իր անունը չյիշատակուի բնաւ: Ուստի մեզի կը մնայ  ուրախանալ նոր սերունդի ներկայացուցիչ այս երիտասարդուհիին հոգիի թրթիռով եւ օրինակելի դարձնել իր արարքը:

Ապրի՛ս, հայուհի, պիտի չգիտնաս, թէ Արցախի ազատագրուած տարածքի  դժուար պայմաններու մէջ ապրող ո՛ր ընտանիքի ո՛ր նորածինը պիտի օժտուի քու նուիրատուութեամբդ, սակայն, ապահովաբար պիտի ստանաս անոր ու իր ծնողներուն  ծածուկ օրհնութիւնն ու երախտագիտութիւնը:

Զ. Ք.

Նախորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.