Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան 1001 Պատում. Հայոց Բանակը Քաջաբար Մարտնչեցաւ Բայց Արհեստագիտութիւնը Յաղթեց (Զ.)

February 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Աւելի քան ստորնութիւն է արհամարհել ու կասկածի տակ առնել բանակի կամ ընդհանրապէս պաշտպանական ուժերու զոհողութիւնը:

Արդարեւ, այդ նուիրաբերումը, որ կատարուած է յանուն ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութեան, արեամբ ու անասելի տառապանքով շաղախուած է եւ ծնունդ առած` ամենաթէժ մարտերու ընթացքին:

Աւելի՛ն. իւրաքանչիւր զինուորի նահատակութիւնը սրբութիւն սրբոց է եւ ազգային արժէքներու ամէնէն վեհն ու սրբազանը:

Արդ`

Հայրենասիրութեամբ եւ ազատասիրութեամբ տոգորուած հայը միայն կրնայ խոնարհիլ հայոց բանակի կատարած անթիւ սխրանքներուն առջեւ:

Քաջարի տղոց արիասիրտ կեցուածքն ու թշնամին հարուածելու կամքը մեզ կը պարտաւորեցնեն ըլլալ հայոց բանակի կողքին, հպարտութեամբ յիշել եւ յիշեցնել անկրկնելի տղոց ցուցաբերած յանդգնութիւնը` մարտնչելու թշնամի ուժին դէմ, որ, այս պարագային,  թուաքանակով ու արհեստագիտութեամբ ունէր գերակշիռ տարողութիւն:

27 սեպտեմբեր – 10 նոյեմբեր 2020:

Արցախեան պատերազմի երկրորդ փուլ, ճակատագրական պահեր, բուռն մարտեր, սխրանքով յափշտակուած եզակի գործողութիւններ, երկուստեք կորուստ եւ ահաւոր քանդումներ, ցաւ ի սիրտ, նաեւ` դաւաճանական անհաւատալի երեւոյթներ. դասալքութիւն, սարսափի մթնոլորտ, անկազմակերպուածութիւն, նահանջ, կարգ մը հրամանատարներու կասկածելի վարքագիծ ու սայթաքումներ, թշնամի ուժերու հեզասահ մուտքը թիկունք եւ հայ տարածքներ, հայրենիքի` Արցախի կորուստ եւ պետական մակարդակի անձնատուութիւն:

Այդուհանդերձ, երիտասարդ հայ զինուորն ու սպան իր շալակին ունենալով սեփական ժողովուրդի ու հայրենի հողի պաշտպանութեան խնդիրը, անվարան նետուեցան մարտի դաշտ` անհաւասար կռիւ մղելու եւ կասեցնելու թշնամի ուժերու յառաջախաղացքը:

Խոստովանիլ է պէտք, որ այս անգամ թշնամի ազերին, սրբագրելով իր երբեմնի զինական թերութիւնները, աւելի՛ն. ապաւինելով նիւթական կարողութեան եւ արհեստագիտական նորարարութիւններու, մանաւանդ` զինուորական մարզին, ինչպէս նաեւ իր թիկունքին ունենալ թուրքն ու թրքութիւնը (հայաջինջ ծրագիրը), նետուեցաւ պատերազմի դաշտ` զինուորական թուաքանակի եւ սպառազինութեան զգալի առաւելութեամբ:

Ու յաղթեց թշնամին` անակնկալի բերելով հայոց բանակը, որ պարտութիւն կրեց կարգ մը ճակատներու վրայ, իսկ հետեւանքները աղէտաբեր ու դժոխային էին:

Փաստօրէն, թշնամին կրցաւ ուժգին հարուած տալ` զգետնելով մեր բանակի ընտրանին` աւելի քան հինգ հազար զոհ, կրկնապատկուած վիրաւոր, զինական ու արհեստագիտական հսկայական կորուստ, բարոյահոգեբանական ահռելի ճնշում եւ խուճապի տրամադրութեան ստեղծում, գերիներու խոշտանգում, գիւղերու գրաւում եւ աւեր, այլ խօսքով` պաշտպանական բանակի խայտառակութիւն:

Նման կացութեան մէջ ինքնարդարացում կամ յանցաւորներու որեւէ փնտռտուք պարզապէս ճշմարտութենէն խուսափելու միջոց է:

Ճիշդ է, որ Հայաստանի ու Արցախի պետութեան ղեկին կանգնող քաղաքական անձնաւորութիւններ ուղղակիօրէն պատասխանատու են մեծ աղէտին` Արցախի կորուստին, սակայն, ինքզինք պարտադրող հարցումին պատասխանը տակաւին կը յամենայ` հայը ե՞րբ իր սեփական ճակատագրին ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ պիտի կարենայ ընել:

 

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 5 Բաներ, Զորս Կարելի Չէ Արգիլել Երեխային

Յաջորդը

Զուգահեռներ` Քեսապի Եւ Արցախի Տեղահանութիւններուն Միջեւ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.