Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասմար Կոչ Ուղղեց Հատուցելու Սեփական Մարզի Պաշտօնեաները Եւ Զօրակցելու Պետական Հիւանդանոցներուն

January 21, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահական եւ պաշտօնական խորհուրդներուն կողմէ երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգելու լոյսին տակ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան բոլոր կառոյցներուն եւ նախարարութիւններուն` Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան, Տնտեսական խորհուրդներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան հետ գործակցելու:

Ասմար յայտնեց, որ այդ գործակցութեան նպատակը պիտի ըլլայ գտնել գործիքակազմ մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ հատուցել սեփական մարզի պաշտօնեաներն ու սարակները, որոնք իրենց ամսական աշխատավարձերէն կը զրկուին կամ անոնցմէ բաժին մը կը ստանան:

Ան շեշտեց, որ պէտք է հատուցել նաեւ պետական մարզի սարակները, ինչպէս նաեւ այն աշխատաւորները, որոնք իրենց խորհրդանշական օրապահիկը կը շահին, ինչպէս նաեւ տարրական, երկրորդական եւ արհեստից ուսման շրջագիծին մէջ պայմանագիրի հիման վրայ գործող ուսուցիչներուն տարեկան ամբողջ աշխատավարձը նկատի ունենալ, անոնց գանձումները պարբերաբար ապահովել եւ զանոնք Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկին մէջ արձանագրել:

Ասմար կոչ ուղղեց նաեւ զօրակցելու պետական հիւանդանոցներուն, անոր պաշտօնեաներուն, աշխատաւորներուն, վարչականներուն, բժշկական անձնակազմերուն` բժիշկներ եւ հիւանդապահներ, որոնք «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի յառաջամարտիկներն են:

Ասմար հաստատեց, որ զանոնք պէտք է դարձեալ նկատի ունենալ իբրեւ առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնեաներ եւ անոնց ամսական աշխատավարձերն ու հանգստեան կոչուելու իրաւունքները ապահովել, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարզին մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր զոհ համազօր նկատել հայրենիքին համար զոհուած բանակայինի նահատակութեան եւ նոյն վարուելակերպը ցուցաբերել:

Ասմար հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր պարտաւորութիւնները պէտք է կատարէ նաեւ սեփական հիւանդանոցներուն եւ անոնց անձնակազմերուն հանդէպ, որպէսզի ստիպէ անոնց` իրենց դռները բաց ձգելու «Քորոնա»-ով վարակուած հիւանդներուն դիմաց:

«Պէտք է նաեւ դիւրացնել ամէն տեսակի պատուաստներու ապահովումը` առողջապահութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ, արգիլելու համար այդ մարզին մէջ արձանագրուելիք շահագործումը», ըսաւ ան:

Ասմար կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որպէսզի քաղաքական նուազագոյն կայունութիւն ապահովուի` տնտեսական տագնապի լուծման սկսելու համար: «Մենք տնտեսական տագնապի լուծման կարիքը ունինք, որովհետեւ աղքատութիւնն ու անգործութիւնը մուտք գործած են իւրաքանչիւր լիբանանցիի բնակարանը», եզրափակեց Ասմար:

 

 

Նախորդը

Խալիլ. «Համաձայն Ենք Ռայի Պատրիարքին Հետ` Փրկութեան Կառավարութեան Կազմութեան Կարեւորութեան Առումով»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Նիստի Մը` Իրաւական Հաշուեքննութեան Առումով «Ալվարեզ Էնտ Մարսըլ» Ընկերութեան Հետ Համաձայնութիւնը Արագացնելու Նպատակով

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.