Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի հետ, որուն յանձնեց լիբանանեան պետութենէն իւրացուած գումարներու վերադարձին վերաբերող օրէնքի վերջին տարբերակէն օրինակ մը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 900 լ. ոսկիով սղած է, իսկ մազութին եւ կազին սակը` 500 լ. ոսկիով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ Գ. իշխանութեան դէմ մղուող արշաւը, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ Հարիրիի դէմ հնչած անձնական յերիւրանքները, հակառակ իրենց միջեւ քաղաքական առկայ տարակարծութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ պըն Սուէյտ Շամիսին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Շամիսիին` իր երկրին մնայուն կերպով Լիբանանին նեցուկ կանգնելուն համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ բողոքել` իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն համայնքային սադրանքներով տարուիլ, ինչպէս նաեւ կը մերժեն քրիստոնեաներն ու իսլամները իրարու դէմ հրահրել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ոչ մէկ զարգացում կ՛արձանագրէ, որովհետեւ ազգային շահերը կորսուած են եւ իշխանութեան շահերը կը տիրեն: Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ չի կրնար զոհի դեր խաղալ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանան կը մահանայ, որպէսզի համայնքները ապրին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ զինուորական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ տասը օրը անգամ մը երեք հարուածներով պիտի ռմբակոծեն Սուրիան` կեդրոնանալով իրանեան եւ սուրիական հրթիռները թիրախ դարձնելու վրայ: «Իսկ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ գործողութեան պարագային, իսրայէլեան ուժերը պիտի ռմբակոծեն Լիբանանի մէջ գտնուող Հըզպալլայի հրթիռներուն բոլոր դիրքերը», նշեցին նոյն աղբիւրները:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ կոչ ուղղեց քաղաքական բարեկարգումի` հաստատելով, որ իրենք պիտի դիմադրեն Լիբանանի դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկել փափաքող յետին նպատակներուն:

 

 

Նախորդը

Ազգային Բարերարներ Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններու Ճիգերով 3000 Ընտանիքներու Յատկացուեցաւ Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլար

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիա Կը Զգուշացնէ Իր Քաղաքացիները Այցելելէ 12 Երկիրներ, Որոնց Շարքին` Լիբանան Եւ Հայաստան

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.