Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հարիրիին Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Վերսկսելու Կառավարութեան Կազմութեան Իր Աշխատանքին»

January 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները յանձնառու մնան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարիլ եւ լիբանանցիներուն սպառնացող անոր վտանգը հակակշռել:

Համախմբումը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կրակմարի դրութիւնը յարգելու, քթակապը օգտագործելու, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու:

Համախմբումը կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը` սննդեղէնին տրամադրուած նիւթական նպաստը հասցէագրելու առումով:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ այդ նպաստը տրամադրուի աղքատութեան հասած հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներուն` առանց դատարկելու Լիբանանի ունեցած օտար դրամանիշներու պահեստը:

Համախմբումը հաստատեց իր ակնկալութիւնը, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կապի մէջ ըլլայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ կազմէ կառավարութիւն մը, ուր նշանակման չափանիշները նոյնանման են, ինչպէս նաեւ կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումի կառավարութիւն է` իր ծրագիրով, իսկ նախարարներով` արդիւնաւէտ:

Համախմբումը կոչ ուղղեց Սաատ Հարիրիին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վերսկսելու կառավարութեան կազմութեան իր աշխատանքին:

Համախմբումը հաստատեց ուսանողներուն տրամադրուելիք տոլարի օրէնքը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` զգուշացնելով այդ օրէնքի գործադրութիւնը խոչընդոտող արգելքներ հնարելու փորձերէն` դրամատուներուն կամ Կեդրոնական դրամատան կողմէ:

 

Նախորդը

Շամիսի. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Պիտի Չվարանին Լիբանանցիներուն Ցաւերը Մեղմացնելու»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժեր Ձերբակալեցին Լիբանանցի Հովիւ Մը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.