Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Յայտարարել Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութեան Արդիւնքները, Իսկ «Քարտ Հասան»-Ի Վարկը Հըզպալլան Չի Ֆինանսաւորեր»

January 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին ան պահանջեց յայտարարել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան արդիւնքները: Ան հաստատեց, որ զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն իրաւունքն է իմանալ իրենց զաւակներուն զոհուելուն կամ վիրաւորուելուն պատճառները եւ այդ պայթումին վերաբերող ամբողջ ճշմարտութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան առանցքը պէտք է ուղղել: «Այդ պայթումին պատասխանատուութիւնը առաջին վայրկեանէն իսկ Հըզպալլային վերագրուեցաւ, սակայն մենք կառչած կը մնանք, որ այդ հետաքննութիւնը իր արդար աւարտին հասնի», նկատել տուաւ ան:

«Քարտ Հասան»-ի վարկը Հըզպալլան չի ֆինանսաւորեր, որովհետեւ կուսակցութիւնը անձնական գումարներ չունի եւ առեւտրական գործառնութիւններ չի կատարեր: Այդ հաստատութիւնը դրամատուն չէ. անիկա ո՛չ տոկոս կը վճարէ, ո՛չ տոկոս կը գանձէ, ինչպէս նաեւ շահեր չ՛ապահովեր, որպէսզի տուրքեր ունենայ վճարելիք:

Ան նշեց, որ «Քարտ Հասան»-ի վարկին աշխատանքը ընկերային, մարդասիրական եւ բարոյական բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ անիկա իր ապահովութիւնը ապացուցած է, եւ նոյնիսկ յուլիսեան պատերազմին ոչ ոք իր գումարները կորսնցուցած է:

Անդրադառնալով քանի մը օր առաջ ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա կացութիւնը նկատեց վտանգաւոր: «Ամերիկացիները վարժ էին այդ տեսարանները այլ երկիրներու մէջ «սարքել», սակայն Թրամփ իրենց մօտ իրականացուց այդ մէկը: Ամերիկացիներուն յորջորջած ժողովրդավարութեան ճշմարտութիւնը բացայայտուեցաւ: Աստուած պաշտպանեց ամբողջ աշխարհը, որովհետեւ հիւլէական ռումբի կոճակը նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին կը գտնուէր այդ խելագարին եւ մեծամիտին ձեռքերուն մէջ», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ եթէ Լիբանանը Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու համար որոշ նշանակութիւն ունենար, ապա անոնք Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ չէին պարտադրեր: «Լիբանանի մէջ ամերիկացիներուն հետաքրքրութիւնը միայն կը ծառայէ իսրայէլեան շահերու ապահովումին», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան ընդգծեց փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բարդ ընթացքի մէջ կը գտնուի:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլան չէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը արգելակողը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հարիրի Այցելեց Էրտողանին

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.