Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ. «ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՅ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԲՈԼՈՐ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

January 25, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան 70 հոգիներու մասնակցութեամբ երէկ գիշեր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ Քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին:

Համագումարին կը մասնակցին քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւորական ու աշխարհական բարձրաստիճան պատասխանատուներ արաբական աշխարհի զանազան շրջաններէն, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայէն ու հիւսիսային Ամերիկայէն յատուկ հրաւիրեալներ: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ` գործակցութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: Յիշեալ համագումարին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Արամ Ա. կաթողիկոսին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ համագումարին կը մասնակցին Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Մասիս վրդ. Զօպուեան:

Համագումարին բացման խօսքը արտասանեց վեհափառը: Ապա յաջորդաբար խօսք առին  Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվւէյթ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա եւ Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մոհամետ Սամմաք:

Բացումը կատարելով միջազգային համագումարին` Արամ Ա. կաթողիկոս «քրիստոնեայ-իսլամ միացեալ համագումարը նկատեց հրամայական անհրաժեշտութիւն մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող արաբական աշխարհին մէջ»: Ան ըսաւ, որ «իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կը պատկանին նոյն հողին ու նոյն միջավայրին: Անոնք միասին կ՛ապրին ու միասին կը դիմագրաւեն, առաւել կամ նուազ չափով, նոյն մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, երկխօսութենէն անդին` անոնք պէտք է միասին գործեն»:

Անդրադառնալով արաբական աշխարին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց համագումարին, թէ «զանազան մօտեցումներ ու սահմանումներ կը տրուին. այսպէս, ոմանք ներկայ կացութիւնը կը նկարագրեն իբրեւ «արաբական գարուն» կամ «արաբական վերազարթօնք», ուրիշներ` «բռնատիրական վարչակարգերու փլուզում» ու «ժողովրդավարական գործընթացներու յառաջացում»: Տակաւին ուրիշներ զայն կը բնորոշեն որպէս «իսլամական վերածնունդ», կամ պարզապէս «վարչակարգի փոփոխութիւն»: Վեհափառին համաձայն, «այս բոլոր մօտեցումներուն կամ սահմանումներուն ետին հասարակաց մէկ իրականութիւն  գոյութիւն ունի` Միջին Արեւելքը արմատական ու արագ փոփոխութեան մէջ է»: Խօսելով յիշեալ փոփոխութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս ներկաները զգուշացուց երկու երեւոյթներէ.

«ա) Անհրաժեշտ է խուսափիլ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը  տեսական արեւմտեան ու ընդհանրական մօտեցումներով արժեւորելու փորձերէն: Նման փորձեր մեզ կրնան սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել: Անհրաժեշտ է գոյութենական, իրապաշտ ու միջինարեւելեան հայեցակէտերով արժեւորել տեղի ունեցող դէպքերը շրջանին մէջ: բ) Արաբական աշխարհը տակաւին կը գտնուի անորոշութիւններու ու լարուածութիւններու դիմաց: Եթէ շարունակուող ներկայ կացութիւնը զինեալ բախումներու վերածուի, եւ դիմադրական շարժումներուն պակսի միասնականութիւն ու յստակ տեսիլք, շրջանը կրնայ շատ աւելի լուրջ ու աննախատեսելի վտանգներու դիմաց գտնել ինքզինք»:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ իբրեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետ, հետեւեալ առաջնահերթութիւնները կը տեսնէ.

1) «Շրջանին մէջ եկեղեցիները պէտք է խօսին մէ՛կ ձայնով ու ծրագրեն եւ գործեն միասնաբար: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը այն միակ շրջագիծն է, ուր եկեղեցիներ կրնան ու պէտք է իրենց միասնականութիւնը գործնապէս արտայայտել:

2) «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ գործակցութիւնը պէտք է ծաւալի ու խորանայ ուղղահայեաց թէ հորիզոնական տարածքներով, ներառելով այն բոլոր հիմնական մտահոգութիւնները, որոնք առնչուած են քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ պատրաստ պէտք է ըլլայ երկխօսութիւն ունենալու իսլամական բոլոր շարժումներուն հետ` ի խնդիր խաղաղ գոյակցութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:

3) «Իսլամներ ու քրիստոնեաներ, բարի դրացնութենէն անդին իբրեւ համաքաղաքացիներ, անհրաժեշտ է որ գործակցին` շրջանի ընկերութիւններուն ժողովրդավարական հիմքերը ամրացնելով, քրիստոնեաներուն քաղաքական կառոյցներուն մէջ աւելի լայն մասնակցութեան կարելիութիւն տալով եւ բոլոր տեսակի ազատութիւններ ապահովելով, որպէսզի անոնք կարենան պահել իրենց աւանդութիւնները, արժէքները եւ ինքնութիւնը` մնալով հանդերձ անբաժան մասը ընկերութեան:

4) «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ խորապէս մտահոգ է իր ապագային նկատմամբ: Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները Արեւմուտք պիտի չդառնան զօրակցութեան համար. անոնք պիտի դառնան իրենց իսլամ համաքաղաքացիներուն` անոնց հետ բաժնելու իրենց մտահոգութիւնները եւ սպասումները: Անհրաժեշտ է, որ իսլամները իրապաշտ ու անկեղծ մօտեցումով հասկնան ու  բաժնեն քրիստոնեայ համայնքներուն մտահոգութիւնները եւ դիմեն համապատասխան եւ գործնական միջոցներու»:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Չմոռնանք, որ քրիստոնէութեան ծննդավայրը Միջին Արեւելքն է եւ շրջանի պատմութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած է քրիստոնէութիւնը: Հետեւաբար, իսլամութիւն ու քրիստոնէութիւն միասնաբար կոչուած են կերտելու նոր Միջին Արեւելք մը, ուր կը տիրէ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն, կրօնական ազատութիւն ու մարդկային իրաւունքներու ճանաչում»:

Համագումարը պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 27 յունուար:

Նախորդը

«ՄԵՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՉԱՐՏՕՆԵԼ, ՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴԻՏՈՂԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ՄԷՋ ՄՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔՆԵՍԵԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Յաջորդը

ՍԻԼՎԻՕ ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ԿԸ ՄՏԱԾԷ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԿՈՒՄԲԸ ԾԱԽԵԼ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.