Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Ուշացման Լոյսին Տակ. Տօնական Այցելութիւնները` Առիթ Քաղաքական Թէ Այլ Հրատապ Հարցերու Քննարկման

December 31, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի ընդհանուր իրավիճակին գծով դրսեւորուող կեցուածքները օրըստօրէ կը ցոլացնեն ղեկավար տարբեր կողմերու մօտ տիրող տրամադրութիւնները: Սակայն որքան որ կառավարութեան կազմութիւնը գործնապէս ուշանայ, այնքան կը մթագնին բարեյաջող ելքի գծով յոյսերը: Փաստօրէն, Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Մարիօ Աուն երէկ մտավախութիւն յայտնեց տիրող կացութեան գծով: «Որքան ալ բազմանան ու տարբերին կառավարութեան կազմութեան առջեւ ցցուող խոչընդոտները` հետեւանքը Լիբանանի շիջումն է», ըսաւ ան պատկերասփռուած յայտարարութեամբ` մտավախութիւն յայտնելով, որ այս ընթացքով հրաժարեալ կառավարութիւնը շարունակէ գործել մինչեւ այս իշխանութեան ժամանակաշրջանի աւարտը: Մարիօ Աուն դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ (լիբանանեան) ներքին որոշումով եւ ոչ թէ արտաքին կողմերու միջամտութեամբ:

Նմանապէս` Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն անհրաժեշտ նկատեց միջլիբանանեան համերաշխութիւնը` դիտել տալով, որ Հռոմի պապին նախաձեռնութիւնը տարբեր կամ անջատ քայլ մը չէ, այլ անիկա սերտօրէն կը համակարգուի կառավարութեան կազմութեան գծով ֆրանսական նախաձեռնութեան հետ: Նշենք, որ վերջերս Հռոմի պապը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման` խոստանալով առաջին իսկ պատեհ առիթին այցելել Լիբանան:

Նոյն ծիրին մէջ քաղաքական հակադիր կողմեր շարունակեցին փոխադարձաբար զիրար «մեղադրել» կառավարութեան կազմութեան ճիգերու ձախողութեան գծով` ինչ-ինչ հիմնաւորումներով:

Իսկ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան երէկ նախագահ Աունին տուած իր շնորհաւորական այցելութեան ընթացքին դարձեալ իր «դժկամութիւնը» յայտնեց 18 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութեան գծով` առարկելով, որ նման պարագայի տիւրզի համայնքի իր գլխաւորած թեւը կը զրկուի նախարարական աթոռէ:

Այսուհանդերձ, կառավարութեան կազմութեան գծով քուլիսային ճիգերը չեն դադրած, եւ այս ծիրին մէջ տօնական շնորհաւորական այցելութիւնները յարմար առիթ են քննարկելու հրատապ հարցերը: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ, արդարադատութեան նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի այսօր, հինգշաբթի առաւօտուն, նախագահ Աունի կողմէ «գործուղուելով» այցելէ Պքերքէ` տօնական շնորհաւորութիւններ ներկայացնելու համար, ուր խիստ հաւանական է, որ երկրի հրատապ հարցերէն կառավարութեան կազմութեան ճիգերը խօսակցութեանց առանցքային նիւթ դառնան:

Իսկ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին կը շարունակէ իր ճիգերը: Անոր մագոգային նորագոյն այցելութիւնը կանգ առաւ Պքերքէի մէջ, ուր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին տուած իր շնորհաւորական այցելութեան առիթով զգուշացուց կառավարութեան կազմութեան ուշացումէն, որ իր կարգին կրնայ ժողովուրդը «փողոց մղել», որովհետեւ «աղքատութիւնը անգութ է»: Ան հաւաստիացուց, որ երկրին ապահովութիւնը հակակշիռի տակ է, եւ պատկան ուժերը, յատկապէս տօնական այս օրերուն, զօրաշարժի մատնուած են: Ու իրապէս,  ապահովական ուժեր երէկ յայտնեցին, թէ 48 ժամեր առաջ ձերբակալած են ՏԱՀԵՇ-ի անդամ մը, որ կը ծրագրէր խափանարարական գործողութիւն մը կատարել Ֆըրն Շըպպեք-Այն Ռըմմանէ շրջանին մէջ: Նշենք, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքները բաժնող տարածքային նշեալ այս շրջանին մէջ էր, որ բռնկեցաւ 1975-ին ծայր առած քաղաքացիական պատերազմը:

Այլ խօսքով` լիբանանեան թէ արտաքին «մտահոգ» շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են տօնական արձակուրդին յաջորդող օրերուն պարզուելիք քաղաքական կեցուածքներուն` տեղական թէ արտաքին առումով: Այս ծիրին մէջ առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւրոպական, յատկապէս` Ֆրանսայի նախաձեռնութեան աշխուժացումը Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական զօրակցութեան իմաստով:

Նախորդը

Սպասելով Պատուաստին` Համավարակը «Անշեղ Կը Հարուածէ»

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Հայ Նահատակի Անունով Փողոց Մը Անուանակոչուած Է

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.