Ռուսական Թամփովի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան, արձագանգելով թուրք պասքեթպոլիստ Էնես Քանտերի գրած նամակին, որ ուղղուած էր Հենրիխ Մխիթարեանին, կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Եղբայր, շատ շնորհակալ եմ աջակցութեան համար: «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն ետք, ամէն գնով պիտի այցելեմ Միացեալ Նահանգներ եւ կատարած մրցումներէդ մէկուն ներկայ պիտի ըլլամ»:
Կարապետեանի հրապարակած այս յայտարարութեան ի տես, թուրք պասքեթպոլիստը ըսած է, որ անհամբեր կը սպասէ անոր ժամանումին:



