Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԿՀՄ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՂ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

January 25, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), երէկ` երեքշաբթի, 24 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի «Խօսէ` ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքին շնորհահանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները ունկնդրելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը ՀԿՀՄ-ի անունով արտասանեց Դալար Աթեշեան, որ նշեց, թէ «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքը անդրադարձ մըն է աւելի մօտէն ճանչնալու եկեղեցին եւ կառչելու անոր սրբութիւններուն` առաւել եւս գիտակցօրէն ապրելու քրիստոնէութիւնը: Աթեշեան հաստատեց, որ միութիւնը միշտ ալ վայելած է Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի հայրական հոգատարութիւնն ու հովանաւորութիւնը, եւ ան անդամներուն փոխանցած է քրիստոնէական, ազգային եւ հայրենասիրական վեհ զգացումներ:

Սարգիս Նաճարեան

Ապա օրուան առաջին պատգամը փոխանցեց «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեան: Ան նշեց, որ հայր Անդրանիկ Կռանեան աւելի քան ութ տասնամեակ չէ ընկրկած, իր կորովը չէ դադրեցուցած, ստեղծագործ մտքի պայծառութիւնը չէ կորսնցուցած, այլ` ծաւալած է լայնածաւալ գործունէութիւն, որուն արգասիքը ենթակային տարիքէն աւելի ծանր կը կշռէ: Նաճարեան յայտնեց, որ Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան իրականացուցած է ազգանուէր ու եկեղեցասէր ծրագիրներ եւ ստեղծած է երիտասարդական ու պատանեկան շարժումներ` դառնալով «Ճանապարհը լուսաւորող հովիւ»:

Իսկ հանդիսութեան երկրորդ պատգամախօսն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ յայտնեց, թէ հայր Անդրանիկ Կռանեանի այս գործը պտուղն է երկարամեայ ծառայութեան, սերտողութեան, դասաւանդման եւ աղօթքի: Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ գիրքը աւանդաքննական բնոյթ ունի, որ կ’ուզէ 21-րդ դարու հայուն խօսիլ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ խնդիրներուն մասին:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Պատգամախօսը շեշտեց, որ հեղինակը «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքին ընդմէջէն կը խօսի հայ եկեղեցւոյ միութեան, եկեղեցի-քաղաքականութիւն-ընկերութիւն անքակտելի եռեակին, միջեկեղեցական, քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին: Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ նոր սերունդը կարօտ ունի հին պատմութեան նոր արձանագրութիւններուն, որոնցմէ մէկն է հայր Անդրանիկ Կռանեանին գիրքը:

Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան

Իր կարգին, գինեձօնի աւանդական արարողութենէն ետք խօսք առաւ «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքի հեղինակ Անդրանիկ Ծ. վրդ Կռանեան, որ շեշտեց, թէ ինք կը մեծարէ հայ եկեղեցին, որովհետեւ այն ինչ որ հայ եկեղեցին ընձեռած է հայ ազգին, ոչ մէկ եկեղեցի կատարած է իր ժողովուրդին: Կռանեան հաստատեց, որ այս գործը հրաւէր մըն է` հայ եկեղեցւոյ մասին միասնաբար մտածելու, խորհելու, սրբագրելու եւ միասին սիրելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսը իրականացնող բոլոր անհատներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդիսութեան ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, մինչ ջութակով` Մարինէ Հալլաճեան:

Շնորհահանդէսը  փակուեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին Պահպանիչով: Հանդիսութեան յաջորդեց Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի գիրքին մակագրութիւնը եւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻՆ ԴՈԿՏ. ԼԵՒՈՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՍԱՍՈՒՆԻ, ՎԱՆԻ, ԳԱՐԴՄԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԴԱՇՏԻ ՀԱՅՈՑ ԾԻՆԱՅԻՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ

Յաջորդը

«ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՎԱՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎՏԱՆԳԵՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.