Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

December 29, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը: Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ ս. սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց դպրեվանքի սարկաւագաց դասը:

Ս. պատարագի աւարտին իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը նշեց, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ հոմանիշ է ծառայութեան եւ հետեւաբար սարկաւագութիւնը ծառայութիւն է, իսկ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ էութիւնն է: Հայրապետը յիշեցուց, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ` ծառայելու, ուստի Քրիստոսի խոհրդական մարմինը` եկեղեցին, ծառայութիւն է: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակին առաքելութիւնը եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ է` որպէս ծառայութիւն, այնպէս, ինչպէս Քրիստոս` աշխարհի առաջին մեծագոյն ու գերագոյն ծառան, իր իշխանութիւնը կերտեց եւ իր հեղինակութիւնը արտայայտեց ծառայելով: Հայրապետը նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր դպրեվանքին մէջ ա՛յս գիտակցութեամբ հոգեւոր մշակներ կը պատրաստէ եւ իր սպասումը յայտնեց, որ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները նոյն գիտակցութեամբ մօտենան այս առաքելութեան: Պատգամի աւարտին, ան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին մասունքը պարունակող խաչով օրհնեց Հայ եկեղեցւոյ բոլոր սարկաւագները, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր մշակներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:

Յայտնենք, որ պատարագիչ սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի 12-րդ գլխուն 24-րդ համարը: Բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս սերմը հողին տակ թաղուելով է միայն, որ կը պտղաբերէ, նոյնպէս ալ մեր եսն ու կամքը անտեսելով միայն մենք կրնանք անձնուէր կեանք մը վարել: Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոսն ալ ընտրութեան հրամայականին առջեւ գտնուած էր եւ իբրեւ կեանքի նշանաբան` ընտրած էր Քրիստոսի պարգեւած ծառայութեան ուղին: Սրբազանը իր քարոզը եզրափակեց տօնին առիթով իր որդիական շնորհաւորանքը ուղղելով վեհափառ հայրապետին, որ ամբողջ կեանք մը նուիրած է Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին եւ ժողովուրդին ծառայութեան, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ բոլոր սարկաւագներն ու սպասաւորները եւ աստուածահաճ ծառայութիւն մաղթեց անոնց` Ս. Ստեփանոսի բարեխօսութեամբ ու օրհնութեամբ:

 

Նախորդը

Ս. Պետրոս Եւ Ս. Պօղոս Ժայռը Եւ 13-րդ Առաքեալը Ժայռը

Յաջորդը

«Քաղաքական Կեանքին Մէջ Կարելի Է Սխալիլ, Սակայն Կարելի Չէ Հայրենիք Յանձնել» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.