Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Սերկէյ Մովսիսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ Վարուժան Յակոբեան, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 24 յունուարէն 2 փետրուար տեւող Ճիպրալթարի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Մրցաշարքին մասնակցող 250 ճատրակ խաղացողներէն 60-ը կրանտմասթըրներ են: Այդ 60-ին կարգին են Սվիտլեր, Մամետեարով, Էտըմզ, Ալմասի, Փոլկար, Շիրով, Լազնիքա, Սութովսքի, Սասըքըրան, Պոլոկան, Շորթ եւ Քորշնուա:


