Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտանեկան Կեանք. Ի՞նչ Ընել, Երբ Ձեր Ծնողը Հիւանդանոցն Է

December 11, 2020
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անկախ ձեր տարիքէն` հիւանդանոցին մէջ  ծնող տեսնելը միշտ ճնշուող եւ  խանգարող հանգամանք է: Դուք ձեզ անօգնական կը զգաք, քանի որ անոնք անզօր են ու խոցելի:

Այս յօդուածը կրնայ օգտակար խորհուրդներ տալ, թէ ինչպէ՛ս յաղթահարել նման իրավիճակը:

Քայլ 1

Հանգստացէք հիւանդանոց այցելութիւններուն միջեւ:

Պարզ վազք կամ քալելը կրնայ մաքրել ձեր միտքը եւ օգնել, որպէսզի հանգիստ զգաք: Ֆիզիքական վարժութիւնները նոյնպէս  հանգստացնող եւ  «ուրախ» զգացողութիւններ կու տան:

Քայլ 2

Մի՛ անտեսէք ուտելիքը:

Դուք պէտք է լաւ հոգ տանիք ձեր մասին, որպէսզի ունենաք ուժ, եռանդ, որոնք անհրաժեշտ են ձեր սիրելին խնամելու համար: Շաքարաւազի նման շաքարային կերակուրները օգտակար են ցնցումը կամ ճնշուածութիւնը յաղթահարելու համար, իսկ պտուղները եւ ապուրները կը խթանեն ձեր դիմադրողական  համակարգը: Ուժեղ պէտք է մնաք:

Քայլ 3

Գործածեցէք  այս ժամանակը ` հասկնալու ձեր ծնողներուն հետ ունեցած յարաբերութիւնները:

Հնարաւոր է, որ դուք ստիպուած ըլլաք  ստանձնել պատասխանատու չափահասներու դերը, մինչ անոնք կը գտնուին այս անզօր դիրքին մէջ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ատիկա կ՛ընէին ձեզի համար, երբ փոքր էիք եւ խոցելի: Եղէք համբերատար եւ դուք կը պարգեւատրուիք խորաթափանցութեամբ, որ կ՛օգնէ աւելի ամուր կապ ստեղծել ձեր միջեւ:

Քայլ 4

Այցելեցէք ձեր ծնողին ընտանիքի անդամի մը կամ հանդիպեցէք մտերիմ ընկերոջ մը հետ, որ կը հասկնայ, թէ ի՛նչ ապրում ունիք, եւ ան ձեզի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ: Եթէ կ՛ուզէք, կրնաք որոշ ժամանակ մը անցընել առանձին ձեր ծնողի հետ: Ասիկա կրնայ հանգստաւէտ ըլլալ որոշ մարդոց համար:

Քայլ 5

Գրեցէք:

Ձեր միտքերն ու զգացումները գրելը ձեր իրավիճակի լուծման կարեւոր մասն է, քանի որ եթէ ձեր զգացումները ձեւով մը չարտայայտէք, դուք վերջաւորութեան միայն մէկ բանի վրայ կը կեդրոնանաք, եւ ատիկա ոչ ոքի կ՛օգնէ: Սկսեցէք  օրագիրով եւ  որոշեցէք` կ՛ուզէ՞ք ասիկա բաժնեկցիլ ընտանիքի այլ անդամներու կամ ձեր ծնողին հետ:

Քայլ 6

Լաւ ընկերներով շրջապատուեցէք:

Դուք ձեզ շրջապատեցէք ընկերներով, որոնք ձեզի հոգ կը տանին եւ կը հասկնան ձեր վիճակը: Երբեմն տունէն դուրս ճաշեցէք: Տան մէջ կերակուր պատրաստեցէք, կամ միասին աշխատեցէք ծրագիրի մը վրայ: Մի՛ վախնաք առանձին ժամանակ անցընելէ, եթէ կարիք ունիք մտածելու, բայց առանձին մի՛ ըլլաք, քանի որ ատիկա կրնայ վնաս պատճառել ձեր արդէն իսկ փխրուն յուզական վիճակին:

Քայլ 7

Հոգ տարէք դուք ձեզի:

Թերեւս դուք  արդէն քանի ժամ մնացած էք կամ կը մնաք հիւանդանոցին մէջ, ուր օդը կրնայ  չորնալ, այնպէս որ, ձեզի հետ շիշով ջուր ունեցէք: Երբեմն  զբօսնեցէք հիւանդանոցին կամ անոր շրջակայքին: Եթէ ընտանիքի այլ անդամներ ունիք, մտածեցէք փոխն ի փոխ այցելել հիւանդանոց, որպէսզի բոլորը կարենան որոշ ժամանակ հանգստանալ:

Քայլ 8

Զարգացէք:

Կարդացէք ձեր ծնողին հիւանդութեան մասին եւ գիտցէք, թէ որո՛նք կրնան ըլլալ հոլովոյթին հետագայ քայլերը: Կարելի եղածին չափ լաւ պատրաստուեցէք յաջորդ ըլլալիքին: Որքան կարելի է, յաճախ ըսէք ձեր ծնողին, որ զինք շատ կը սիրէք:

Քայլ 9

Հնարաւոր է, որ ստիպուած ըլլաք  հրաժարիլ շատ լաւ  ծրագրուած հանդիպումներէ:

Փորձեցէք յուսախաբ չըլլալ ատկէ, այլ օգտագործեցէք փորձը` անդրադառնալու այն բանին, թէ ինչպէ՛ս ձեր ծնողը անպատճառ  պիտի բաւարարէր ձեր մանկութեան բոլոր պահանջները, երբ իրենք նոյնպէս թերեւս ունէին հաշուի առնելու խիստ ժամանակացոյց: Ասիկա կ՛օգնէ ձեզի եզակիութեան զգացում ապահովել եւ  ձեզի տեղեկացնել, թէ  անոնք որքան շատ սիրած են ձեզ:

Քայլ 10

Աղօթեցէք:

Ասիկա հոգեւոր կոչ է դէպի ձեզմէ աւելի մեծ բանի`  աղօթքի տեսքով ձեր զգացումները Աստուծոյ արտայայտելու միջոց: Ատիկա կ՛օգնէ ձեզի`  յաղթահարելու այս դժուար պահը:

Յոյս լաւագոյնին: Երբեմն ամէնէն լաւ բանը, որ կ՛ունենաս, յոյսն է:

Քայլ 11

Եթէ այս իրողութեան  հետ բնականոն կը զգաք (յիշեցէք, որ որոշ մարդիկ այդ մէկը չեն ըներ), կարելի եղածին չափ յաճախ այցելեցէք ձեր ծնողին եւ խօսեցէք անոնց հետ: Անոնք կրնան պատմել ձեզի, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ եւ` հանգստացնել ձեզ:

Քայլ 12

Լացէք:

Լացը կը մաքրէ եւ կ՛օգնէ ազատիլ զգայուն յոյզերէ` լուալով կուտակուած «իրերը» ձեր համակարգէն: Մի՛ վախնաք արցունքներ հոսեցնելէ: Մարդիկ, որոնցմով շրջապատուած  էք, կը հասկնան:

Քայլ 13

Խօսեցէք ձեր ծնողի բժիշկին, հիւանդապահուհիին կամ  խնամողին հետ: Անոնք կը գիտնան բուժման մասին եւ կրնան պատասխանել ձեր որեւէ  հարցումին:

Քայլ 14

Խնամքի պատրաստ եղէք:

Եթէ հիւանդութիւնը ծանր է, եւ դուք էք հիմնական խնամողը, դուք պէտք է պատրաստ ըլլաք խնամքի, երբ անոնք դուրս գան հիւանդանոցէն: Համապատասխանաբար ծրագրեցէք, անընդհատ պահեցէք փոքր գրիչ մը եւ նոթատետր եւ  օրական գրեցէք դեղերու եւ  այլ մանրամասնութիւններու մասին, քանի որ ասոնք կրնան անհրաժեշտ ըլլալ աւելի ուշ:

Քայլ 15

Մնացէք դրական:

Այս իրավիճակին մէջ դրական մնալու համար շատ բան կայ ըսելու: Ձեր ծնողը կրնայ վախնալ այն բեռին համար, որ ձեր վրայ դրած է իրավիճակը: Յիշեցէք, որ անոնք վարժ  չեն այս դերը փոխելուն, ամբողջ կեանք մը անցընելէ ետք, ըլլալով ձեզի համար պատասխանատու չափահաս: Եթէ  անոնք կարենան տեսնել կամ զգալ, որ դուք «բարձր կը պահէք» եւ  դրական տրամադրուած էք, ասիկա կրնայ օգնել` մեղմելու այդ անհանգստութիւնը: Ձեզի համար օգուտը ասիկա է. ոչինչ երբեք անյոյս է, եւ աւարտը միայն ճամբայ կը բանայ սկիզբի համար: Միշտ յոյս կայ: Դրական մտածողութիւնը, եթէ ոչ` այլ բան, կը մեղմացնէ ձեր ճնշուածութիւնը:

Քայլ 16

Դուք ձեզ պատրաստեցէք գալիքին:

Պատրաստ եղէք, անձնատուութեան մի երթաք: Դժբախտաբար ոչինչ կրնայ ձեզ յուզականօրէն պատրաստել սիրելիի մը վիճակի վատթարացման: Գործնականօրէն պատրաստուած ըլլալը, սակայն, ձեր եւ ձեր շրջանակին համար կը նշանակէ  շատ աւելի նուազ ճնշուածութիւն, եթէ տեղի ունենայ յոռեգոյնը: Խորհրդակցեցէք պատասխանատու բժիշկին կամ հիւանդապահուհիին հետ եւ խնդրեցէք անոնցմէ` բացատրել վտանգները եւ հնարաւոր կողմնակի բարդութիւնները, որոնք կրնան յառաջանալ բուժումներէն:

Այլ խորհուրդներ

– Որպէսզի ուրիշներուն հոգ տանիք, նախ պէտք է դուք ձեզի հոգ տանիք: Դուք չէք կրնար 24 ժամ հիւանդանոցը մնալ ձեր հարազատին քով: Ան գիտէ, որ կարելի չէ 24 ժամ այնտեղ ըլլալ, եւ ասիկա կը հասկնայ: Ան ճիշդ տեղին մէջն է եւ կը ստանայ իրեն անհրաժեշտ խնամքը: Այլեւս ոչինչ կրնաք ընել անոր համար` բացի ընկերութենէ: Գացէք տուն, երբ դուք պէտք է երթաք տուն, եւ ըրէք այն բաները, որոնք ձեզի կը թուին հանգստացնող. տաք լոգանք, խորհիլ, լսել  հանգստացնող երաժշտութիւն, նոյնիսկ ընկերներու հետ հաղորդակցեցէք:  Ինքզինքին օգնելը պարտադիր է:

– Մի՛ տառապիք լուռ: Խօսեցէք մէկու մը հետ, որուն կը  վստահիք եւ անհրաժեշտութեան պարագային դիմեցէք մասնագէտի օգնութեան: Այս մէկը  ձեզ ոչ մէկ ձեւով կը տկարացնէ, կրնայ իսկապէս օգնել ձեզի:

– Անհրաժեշտութեան պարագային խօսեցէք բժիշկին հետ: Թոյլ մի՛ տաք, որ ամէն բան ձեզի վնասէ եւ ձեր կեանքը խանգարէ:

– Փորձեցէք չդիմել ինքնախղճահարութեան: Կեդրոնացէք այն բանին վրայ, որ առաւել հաճելի կ՛ըլլայ հիւանդ ծնողին եւ փորձեցէք ատիկա ընել անձնուրացօրէն: Այս ճիգը կրնայ օգնել ձեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կամ ձեր ծնողի ընկերներուն կամ հարազատներուն: Ձեր ծնողը իսկապէս կը գնահատէր, որ դուք իրենց նման հոգատար էք: Ասիկա, անշուշտ, օրէ օր զանոնք աւելի կը հանգստացնէ:

– Եթէ դուք ձեզմէ աւելի փոքր եղբայրներ եւ քոյրեր ունիք, պատասխանեցէք անոնց հարցումներուն այնպէս, որ անոնք հասկնան` առանց զանոնք վախցնելու:

«Ուիքիհաու»

Նախորդը

«Երբ Տղաները Պատրաստւում Էին Գնալ Դիրքեր, Նայում Էի Նրանց Ու Մտածում` Ով Յետ Կը Գայ». Գայեանէ Սահակովա

Յաջորդը

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.