Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրած Է «Հիւսիսային Հոսք-2» Եւ «Թրքական Հոսք» Կազի Խողովակաշարներուն Դէմ Պատժամիջոցներու Խստացումը

December 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը հաւանութիւն տուած է «Հիւսիսային հոսք-2» եւ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարներուն նկատմամբ պատժամիջոցները խստացնելու նախաձեռնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Պատժամիջոցներու խստացումը նախատեսուած էր Միացեալ Նահանգներու 2021 թուականի պաշտպանական պիւտճէով:

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ պիտի արգելակէ պիւտճէի նշուած նախագիծը, որովհետեւ ատոր մէջ կէտ չկար ճարտարագիտական ընկերութիւններու օգտատէրերու պարունակութեան ջնջման կամ այլ փոփոխութիւններ կատարելու պահանջներէն պաշտպանող օրէնսդրական կարգաւորումը չեղեալ յայտարարելու վերաբերեալ:

«Հիւսիսային հոսք-2»-ը պէտք է ռուսական կազը Պալթեան ծովուն յատակով հասցնէ Գերմանիա: Ռուսական «Կազփրոմ»-էն բացի, նախագիծին կը մասնակցին շարք մը եւրոպական ընկերութիւններ:

«Թրքական հոսք»-ը Սեւ ծովի յատակէն անցնող եւ Ռուսիան ու Թուրքիան իրարու կապող աւելի քան 900 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող կազի խողովակաշար է: 2003 թուականին գործարկուած «Կապոյտ հոսք»-էն ետք ասիկա Սեւ ծովու յատակով Ռուսիայէն Թուրքիա բնական կազի մատակարարումներ իրականացնող 2-րդ կազի խողովակաշարն է: Երկու խողովակաշարէ բաղկացած «Թրքական հոսք»-ը ունի ընդհանուր առմամբ տարեկան 31,5 միլիառ խորանարդ մեթր թողունակութիւն: Նախատեսուած ծաւալին կէսը` 15,75 միլիառ խորանարդ մեթրը պիտի սպառի Թուրքիոյ մէջ, իսկ մնացեալը կը նախատեսուի փոխադրել Պուլկարիա, Սերպիա, Հունգարիա եւ Աւստրիա:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացած էր պատասխան քայլերու ձեռնարկել, եթէ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատեն «Թրքական հոսք» նախագիծին դէմ:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Առաջնորդ Ըլլայ Խրիմի Ճգնաժամի Լուծման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

«Իսրայէլ Միջին Արեւելքը Աւելի Կ՛ապակայունացնէ, Քան Իրանը» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.