Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական ղեկավարները իրարու հետ չեն հաղորդակցիր: «Այնպիսի մթնոլորտ մըն է, ուր կարծէք կառավարութիւն կազմելու պարտաւորութիւն չկայ: Եթէ ոմանք կը սպասեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Սպիտակ տուն հասնելուն, ապա կարելի չէ երաշխաւորել, որ Լիբանան մինչեւ այդ կրնայ դիմանալ կամ տոկալ», նշեց ան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Ֆարիտ Խազենի հետ: Քննարկուեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապալի ու վատթար իրավիճակը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլլա Վարանքովայի հրաժեշտի այցելութիւնը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան հաստատեց, որ Լիբանան փտածութեամբ եւ վարչական վատ ու անկազմակերպ աշխատանքով կ՛ընթանայ, որովհետեւ Հըզպալլա իր զէնքով եւ իբրեւ միլիս իր հակակշիռը բանեցուցած է պետութեան վրայ: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ իսկական բարեկարգումներ կատարելու եւ ժողովուրդին ծառայութիւններ մատուցելու, որովհետեւ Լիբանան արժանի է բարգաւաճելու եւ լաւ իշխանութիւն ունենալու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պահանջուածը ամէնէն արագ միջոցին կառավարութեան մը կազմութիւնն է, որպէսզի ան կարենայ գործադրել բարեկարգումի իր ծրագիրը:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակը կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան եւ բարեկարգումի կառավարութիւն մը` երկիրը քանդումի իրավիճակէն փրկելու համար:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ լուծումը մասնագէտներու եւ անկախներու կառավարութեան մը կազմութեան, ինչպէս նաեւ աշխատանքային տնտեսական ծրագիրի մը մշակման մէջ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ հարցը օրէնքներու վաւերացումին մէջ չէ, այլ` զանոնք չգործադրելու մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ իրաւական հաշուեքննութեան պայքարը պիտի չաւարտի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ զայն գործադրել ու արդիւնքի յանգիլ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ զիրենք ոչ ոք տեղեակ պահած է, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլան կառավարութեան մէջ նկատի չունենալու միջազգային պահանջ դրուած է:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի, երբ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն սկսի իբրեւ նախագահ պաշտօնավարել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներէն Ետք Կը Նախատեսուի Յայտարարել Խմբագիրներու Միացեալ Հարթակը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.